Քրտական Դեմոկրատական միութիւն կուսակցութեան ենթակայ «Ալ-Ասայէշ» ուժերը, Սուրիոյ քրտական ինքնակառավարման շրջաններուն մէջ արգիլած են այս տարի «Նորուզ»ի տօնը նշելը ՝«անվտանգութեան» նկատառումներէ ելլելով: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:
«Ալ-Ասայէշ»ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Նորուզի օրը, որ կը համընկնի 21 մարտին, տօնակատարութիւններ եւ հաւաքներ կազմակերպելը խստիւ արգիլուած է», նշելով, որ «Ինքնակառավարման մարմինին ենթակայ շրջաններուն մէջ ամբողջ շաբթուայ ընթացքին արգիլուած է նաեւ շարժակաւոր հեծանիւներով թափառիլը»:
Տօնակատարութիւններու արգելման որոշումին զուգահեռ, քրտական դեմոկրատական միութիւն կուսակցութեան գործիչներ՝ անվտանգութեան լայնածաւալ միջոցառումներ ձեռնարկած են, այդ ծիրէն ներս փակած են կուսակցութեան աւելի քան 40 կեդրոնատեղի, ինչը խռովութիւններու տեղիք տուած է քրտական շրջանակէն ներս:
Նշենք, որ «Նորուզ»ի տօնի օրերուն «Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութիւնը յաճախ յարձակումներ գործած է քիւրտերու դէմ, որոնցմէ անենադաժանը եղած էր 2015-ին, երբ անձանսպանական գործողութեան եւ ականուած ինքնաշարժի թիրախ դարձան հասաքէ մէջ քրտական երկու հաւաքատեղիներ, որուն զոհ գացին տասնեակ քիւրտեր: