Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ասատ այցելած է Դամասկոսի ժողովրդական շուկաներէն մէկը: Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրիոյ նախագահութեան Twitter-եան էջին հրապարակուած լուսանկարներէն:
Սուրիական աղբիւրներու հաղորդմամաբ, Նախագահ Ասատ այցելած է՝ Դամասկոսի եւ արուարձաններու առեւտրաարդիւնաբերական պալատի կողմէ, Ռամատանի առթիւ կազմակերպուած՝ «Արտադրուած է Սուրիոյ մէջ» վաճառքի փառատօնը, որ կայացած է Դամասկոսի Մազզէ շրջանի Ճալաա սրահին մէջ:
Փառատօնին մասնակցած են սուրիական արտադրանքներ ներկայացնող 180 սուրիական ընկերութիւններ:





