«Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնն անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ ծայր առած փաստաթուղթերու կեղծման, որուն ծիրին մէջ հարցազրոյց ունեցած է Մուհամմատ կեղծանուամբ ծանօթ անձի հետ, որ կը զբաղի երկրէն մեկնիլ ցանկացող սուրիացիներուն կեղծ անցագիրներ պատրաստելու գործով:
Մուհամմատ պատմած է, որ անցնող եօթ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ բնակչութեան զգալի մասը անցագիրներու եւ անձնագիրներու ձեռք բերման խնդիրին հետ առնչուած է, որուն արդիւնքը եղած է կեղծ փաստաթուղթեր ձեռք բերելու մեթոտը:
Անդրադառնալով կեղծ փաստաթուղթերու արժէքներուն, Մուհամմատ նշած է, որ այն կրնայ հասնիլ 100 հազար սուրիական լիրայի, նկատի ունենալով որպէս կաշառք վճարուող մեծ գումարները:
Խօսելով գողցուած կնիքներու մասին, Անձնագրային վարչութեան աշխատակիցներէն մէկը «Սփութնիք»ին յայտնած է, որ շատ շրջաններու գրաւումը զինեալ խմբաւորումներու կողմէ պատճառ դարձած է, որ նշուած շրջաններու պետական կառոյցներու կնիքները գողցուին, որ եւ պատճառ դարձած է մեծ թիւով փաստաթուղթերու կեղծման:
Փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, անցնող տարուան ընթացքին մօտ 1500 կեղծ անձնագիր յայտնաբերուած է, որոնց մեծ մասը Հալէպի մէջ կեղծուած են: