image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ մեր առաջնահերթութիւնը այլեւս Ասատը հեռացնելը չէ. Ուաշինկթըն

Սուրիոյ մէջ մեր առաջնահերթութիւնը այլեւս Ասատը հեռացնելը չէ. Ուաշինկթըն

ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ դեսպան Նիքլի Հէյլի, երէկ, լրագրողներու փոքր խումբի մը առջեւ յայտարարած է, որ իր երկրի քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ փոխուած է եւ ան այլեւս չէ կեդրոնացած նախագահ Ասատի իշխանութենէն հեռացման վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ Հէյլի ըսած է. «Քու վարելիք մարտերդ դուն պէտք է ընտրես. Երբ այս տեսանկիւնէ դիտենք հարցերը, կը գտնենք, որ խնդիրը առաջնահերթութիւններու փոփոխութեան մէջ է եւ մեր առաջնահերթութիւնը այլեւս նստիլ եւ Ասատը հեռացնելու միջոցներուն մասին մտածելը չէ»:

 

Հէյլի, որ միաժամանակ կը վարէ Հարաւային Քարոլայնայի կառավարիչի պաշտօնը, աւելցուցած է, որ  այսօր ԱՄՆ-ի  առաջնային նպատակն է Սուրիոյ մէջ գործերը իրականացնելու ձեւեր եւ գործակիցներ գտնել, որոշել, թէ որ ուժերուն հետ պիտի համագործակիցն, որպէսզի իսկական փոփոխութիւն կատարուի Սուրիոյ ժողովուրդին համար: