image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակը իսրայէլեան կործանիչներու թիրախ դարձած է

Սուրիոյ բանակը իսրայէլեան կործանիչներու թիրախ դարձած է

Իսրայէլեան օդուժի կործանիչները երէկ կէս գիշերին հարուածած են Սուրիոյ բանակի շարք մը դիրքեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Սուրիոյ բանակը հակազդած է իսրայէլեան կործանիչներուն եւ հրթիռներ արձակած անոնց ուղղութեամբ:

Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու՝ իսրայէլեան բանակի կործանիչները թիրախաւորած են դէպի Լիբանան հրթիռներ փոխադրող շարասիւնը: Այս տեղեկութեան վերաբերեալ արաբական որեւէ աղբիւր մինչեւ այս պահը չէ հակազդած:

Ըստ «Ալ Մայատին»ի՝ սուրիական հրթիռներէն մէկը ինկած է Յորդանան-Իսրայէլ սահմանային հատուածի վրայ, ինչը պատճառ դարձած իսրայէլեան քաղաքներու մէջ ահազանգային սուլիչներու արձակման:
Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր քանի մը անգամ իսրայէլեան կործանիչները հարուածած են Սուրիոյ բանակի դիրքերը: