Սուրիոյ պետական բանակը ազատագրած է Իտլիպի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող «Ճըրճանազ» գաւառակը։
Այս մասին լրատւութիւնը կատարած է «Ալ Մայատին» կայանը նշելով նաեւ, որ ազատագրուած շրջանը կը համարուէր «Ալ Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման կարեւորագոյն կեդրոններէն մին։
Ըստ աղբիւրին բանակի յաջորդ թիրախը պիտի դառնայ «Մահարաթ նահման» շրջանը, որ կը համարուի շրջանին մէջ ռազմավարական արժէք ներկայացնող եւ մի քանի շրջաններ իրարու կապող գօտի։
Չի բացառուիր, որ այս կարեւոր զարգացումներէն ետք Սուրիոյ բանակը արշաւէ դէպի Իտլիպ ու վերջ տայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն համար գլխաւոր յենարան հանդիսացող այդ նահանգի պետական օրինականութենէ դուրս ըլլալու վիճակին։