Բրիտանական «The Independent» թերթի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք յայնտած է, թէ Սուրիոյ բանակին կողմէ իրականացուող նախապատրաստական աշխատանքները Դամասկոսի արուարձան Ղութան ահաբեկիչներէն ազատագրելու մտնելու համար, իրենց մէջ յստակ սպառնալիք կը պարունակեն, ուղղուած Ղութայի զինեալներուն :
Ֆիսք իր յօդուածին մէջ նշած է նաեւ, որ Սուրիոյ բանակն իր ուժերը տարբեր նահանգներէն դէպի Դամասկոս կը տեղափոխէ եւ այդ մէկը կը կատարէ ռազմավարականօրէն ոչ ընդունելի «բացա կերպով, որպէսզի զինեալներուն ցոյց տայ, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ իրենց «վերջ»ը:
Բրիտանացի լրագրողը շեշտած է, որ Ղութայի մէջ ռուսական կողմին անմիջական միջնոդութեամբ Սուրիոյ բանակին եւ զինեալ խմբաւորոմներուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, նպատակ ունենալով հազարաւոր քաղաքացիները «մարդասիրական անցքեր»ու շնորհիւ Ղութայէն դուրս բերելու համար:
Ֆիսքի կարծիքով, Սուրիոյ բանակը Ղութայէն ետք Իտլիպ պիտի անցնի, այնուհետեւ պիտի պայքարի Ռաքքան ամերիկեան եւ քրտական տիրապետութենէ ազատագրելու:
Ըստ Ֆիսքի Սուրիոյ կառավարութեան աջակից ջոկատներուն Աֆրին առաքուիլը ունի նաեւ քաղաքական նպատակ, որն է աւելի խորացնել վիհը մէկ կողմէ Անգարայի եւ միւս կողմէ քիւրտ զինեալներուն աջակցող Միացեալ Նահանգներուն միջեւ: