image

Սուրիական Տագնապը. Տեղքա՞յլ Կամ Հաւանական Լուծումներ.Սագօ Արեան

Սուրիական Տագնապը.  Տեղքա՞յլ  Կամ Հաւանական  Լուծումներ.Սագօ Արեան

Անցնող  օրերուն  լրատուական  գործակալութիւններ ուշի ուշով հետեւեցան Ռուսիոյ արտաքին գործոց  փոխ նախարար Կէնատի Կաթիլովի եւ Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գերատեսչութեան  պատասխանատուննրէն ՝  Անն Փիթըրսընի միջեւ ընթացած հանդիպումներուն:   Երկու  դիւանագէտները  մեծ ճիգեր կը կատարեն  յաջողցնելու համար յառաջիկայ 25 Յունուարին     Ժընեւի մէջ նախատեսուած      եւ Սուրիոյ   տագնապին յատկացուած   «Ժընեւ-3»ը: Տարբեր աղբիւրներ  նաեւ կը գրեն, թէ ժողովի կայացման  հիմնական արգելքը, որ ցարդ չէ հարթուած    Սուրիոյ ըննդիմութեան  ժողովին մասնակցութեան  ձեւաչափն է: Ու  նոյն առումով մինչ  Սէուտական  Արաբիա  ճնշումներ կը բանեցնէ, որ  ժողովին մասնակից     ընդդիմադիրները ըլլան  Ռիատի մէջ անցնող Դեկտեմբերին  մասնակցող  բոլոր կողմերը,  անդին  Մոսկուա     կը փորձէ իր կողմէ «հովանաւորուող»  կողմին մասնակացութիւնը ապահովել:  Հովանաւորումի  մը մասին  խօսքը   շատ իրաւացի չէ, որովհետեւ   այդ    նախատեսուած ընդդիմադիր կողմը     խորքին մէջ    Սուրիոյ կառավարութեան     առաջարակած   կողմն է: Անկախ  ամէն ինչէ, ինչպէս  տարբեր առիթներով ալ  գրած ենք,  կարեւոր է հասկնալ, որ     Սուրիոյ շուրջ ընթացող  քաղաքական  ցանկացած խմորում նախ եւ առաջ      կարիք ունի գետնի վրայ     իրավիճակ պարտադրող   ուժերու: Այսինքն, ոչ Մոսկուան, ոչ  ալ Ուաշինկթընը  կարող են գետնի վրայ  իրենց «բարի  կամք»ը պարտադրել:  Րիատի համար  կարեւոր  եւ անշրջապցելի է   Դամասկոսի գիւղականն շրջանները իրենց հիմնական  կեդրոնատեղի դարձուցած «Ժայշ Ալ Իսլամ»ի մասնակցութեան խնդիրը:  Ու հակառակ  անոր, որ այս     զինեալ Միլիցը, որուն զինեալներուն թիւը  ըստ  տարբեր աղբիւրներու կը հասնի 15.000 -ի,  ծանր  հարուած ստացաւ իր առաջնորդ Զահրան Ալլուշի   սպաննութեամբ, սակայն       գետնի վրայ   կամք թելադրող   կարողութիւն ունի: Երեւելի է նաեւ, որ      շրջանային ուժերուն համար   ընդդիմադիր  ուժերուն տկարանալը    ձեռնտու է:  Առաջուան    ուժականութիւնը չունին  ոչ  «Ալ Նուսրա» ճակատը, ոչ  «Ճայշ Ալ Իսլամ»ը  եւ ոչ ալ  աւելի  ծայրայեղական    ԻՇԻՊը, որ     յարձակողական դիրքերէ ետ մղուելով անցած է պաշտպանողական դիրքերու:  Խօսելով զինուորական գետնի վրայ     գրանցուող դէպքերուն խօսելով  պէտք է նաեւ  ընդգծել Լաթաքիոյ   շուրջ ընթացող  մարտերուն մասին, ուր Սուրիոյ  բանակը (միշտ   ստանալով   ռուսական օդուժին  նեցուկը)  յաջողեցաւ   իր տիրապետութեան տակ   առնել    Լաթաքիոյ  հիւսիսային հատուածին  գտնուող Սալմա շրջանը: Աւանը, որ կը գտնուի 800   մեթր  բարձրութեան վրայ      ամբողջ շրջանին «վերահսկելու» ռազմավարական դիրք ունի: Սալման, որ կը համարուի   ընդդիմադիր ջոկատներու «սիրտ»ը   այսօր   անցնելով  Սուրիոյ կառավարական   ուժերուն ձեռքը   բնականաբար պիտի դառնայ բանակին յառաջիկայ գործողութեանց ելման կէտը: Այսինքն Սալմայէն ետք Սուրիոյ բանակին աչքերը կ'ուղղուին դէպի  «Ժապալ Քրատ» ( Ժապալ  արաբերէնով կը նշանակէ լեռ)  ու ապա  «Ժապալ  Թըրքման»  հատուածները:  Տեղին է նշել, որ  Սալմային գրաւումը տեւած է  100 օր  եւ սուրիական բանակը  կարեւոր  զոհողութիւններու գնով է միայն, որ յաջողեցաւ  ընդդիմութեան «անառիկ բերդ» համարուող շրջանը վերցնել իր տիրապետութեան  տակ:

    Տեղին է  նշել, որ Սուրիոյ  չափաւորական   համարուած   ըննդիմադիր զինեալ ջոկատներուն   մէջ կարեւոր զարգացումներ  տեղի կ'ունենան:Այս առումով  լիբանանեան  «Ալ Սաֆիր»  օրաթերթը    կարեւոր տեղեկութիւններ  փոխանցելով կը գրէ, որ  ընդդիմադիր  ջոկատներու մէջ  բուռն վէճեր կան եւ այդ  վէճերը  առիթ  կը  հանդիսանան, որ  այդ խմբաւորումները տեղի տան եւ ընկրկին:  Այսպէս օրինակ  «Ժայշ Ալ Իսլամ»ի   Իտլիպի  պատասխանատուներէն ՝      Ապտալլա Ալ Մուհայսինի Սալմայի անկումէն  ժամեր անց յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կ'ըսէր, թէ Սալմայի անկումը կապ չունի ներքին խլրտումներու  հետ, այլ         ընդդիմութեան   ստացած  այդ հարուածը  արդիւնք է     զինեալներուն միջեւ համագործակցութեան պակասին:  Մուհայսինի    նաեւ կը յիշեցնէ, որ իրենց համար կան տարբեր առաջնահերթութիւններ  եւ    ճիշդ չէ Սալմայի անկումը վերագրել ներքին դաւերու:

Պէտք է  նաեւ   նկատի առնել, որ  Սուրիոյ կառավարութեան համար   նախքան որեւէ բանակցութեան   սեղանի նստիլը կարեւոր է զինուորական նոր  յաջողութեան քարտ մը   ցոյց տալ: Ուրեմն   Յունուարին  սպասուող    բանակցութիւններուն   ընդառաջ   բացայայտ կ'երեւի , որ Սալմայի «յաղթանակ»ը կարեւոր     քարտի մը պիտի վերածուի: Իսկ թէ ինչ  մօտեցումով հանդէս պիտի գան  ընդդիմադիր կողմեր  տակաւին յստակ չէ:

    Այլապէս ալ    տեղին չէ «Ժընեւ –էն կարեւոր դրական տեղաշարժ սպասել   տրուած ըլլալով,  որ քաղաքական   օրակարգին առընթեր ոչ Րիատ եւ ոչ ալ Ուաշինկթըն   պատրաստ են իրենց դիրքերէն զիջիլ եւ  մէկդի դնել իրենց համար ամէնէն կարեւոր համարուող Սուրիոյ նախագահին ՝ Պաշշար Ասատին  իշխանութիւնէն   անվարան   հեռացումը:

Միամտութիւն է նաեւ ենթադրել, որ այս օրակարգին գծով  ալ Մոսկուա փոխէ իր դիրքերը, հակառակ ամերիկեան   լրատուամիջոցներու  կողմէ մերթ ընդ մերթ  հնչած  այն խօսքերուն ըստ, որոնց  Ասատ  պիտի հեռանայ  2017   թուականին: Որ   կողմին համար տրամաբանական կրնայ   սեպուիլ , որ      անցնող   տարիներու ամէնէն  ծանր օրերուն իշախնութիւնը պահած Ասատ  այսօր կրնայ          լքել իր     պաշտօնը: Տրուած  ըլլալով նաեւ, որ այսօրուան  իրավիճակը Ասատի համար շատ աւելի բարեննպաստ է քան   ըսենք, ասկէ   կամ  տարի առաջ    եղած ընդհանուր վիճակը:

  Խնդիրը Ասատի հեռացումը կամ իշխանութեան վրայ մնալը չէ: Խնդիրը    Սիւննի  աշխարհին ու մասնաւորապէս  Րիատին  անհեռանկար քաղաքականութիւն  մը ունենալն է, որ հետհետէ աւելիով կրնայ վնասել  անոր ընդհանուր վարկին ու դերակատարութեան:

Նաւթի, զէնքի, զինեալներու, հրոսակներու, անօթութեան,    Մէտիայի  բոլոր զէնքերը օգտագործելէ անդին   Րիատի  տէրերը տակաւին չեն   նկատած, որ Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն, Լաթաքիոյ լեռնային հատուածներուն  կամ Հալէպի  հարաւային գիւղերուն դէմ իրենց   այսօր մղած  մարտերը կը մղուին, որ թէ Ասատի  ու անոր      հրամանը կատարող բանակին դէմ այլ մանաւանդ  Մոսկուայի դէմ: Ու գաղտնիք  ալ չէ՛ որ ԻՇԻՊ-ի տարբեր երանգներուն եւ    Եւրոպայի մէջ գլուխ բարձրացուցած     վտանգին դիմաց արեւմուտքին համար ալ  տանելի չէ, որ Ռուսիա պարտութիւն կրէ միջին արեւելքի ու մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ:  Մոսկուա- Րիատ          ուղղակի կապերու խզումին իբրեւ հետեւանք   ծանր գին կը վճարէ, ոչ թէ Սուրիոյ մէջ  կռուող  զօրքերը  եւ զինեալները, այլ սուրիացի անզէն   ժողովուրդը, որ դարձած է  տարբեր  սովի, տանջանքի,  գաղթի  եւ այլ պատերազմական  դրութիւններու գերին:

 

 

 Իսկ ինչ կը վերաբերի այն մօտեցումներուն, ըստ  որոնց     Մոսկուա         կրնայ յոգնիլ   սուրիական  պատերազմէն   այդ ալ դիւր կարծիք է տրուած ըլլալով, որ Գրէմլինի  տէրերը     լաւ գիտեն, որ   Սուրիոյ պատերազմը պտոյտ մը  պիտի չըլլար երբեք, այլ  ընթացող մարտերը կրնան տեւել աւելի երկար   քան, որեւէ  կողմ կը պատկերացնէ:

  Այս ընդհանուր    պատկերին մէջ  նաեւ պէտք է շեշտադրել, որ  Միացեալ Նահանգներ, որ արդէն մտած է իր նախագահական ընտրութեան «դրախտ»ը      տարբեր առիթներով նշաններ եւ պատգամներ կը յղէ Մոսկուային,   յայտնելով իր լուռ  համաձայնութիւնը գետնի վրայ ընթացող  գործողութիւններուն առընթեր: Եւ պէտք է հասկնալ, որ  Սուրիոյ ընդդիմադիր     շրջանակներուն ապրած ընկրկումը տեղի կ'ունենայ ամերիկեան  լուռ համաձայնութեամբ:

 Տարի մը առաջ  յաճախ կը խօսուէր, որ ԱՄՆ  պիտի մարզէ Սուրիոյ ընդդիմադիր ջոկատները, այսօր  երեւելի է  նաեւ, որ    այդ խոստումները յօդս ցնդած են: Սուրիական գետնի վրայ  Ուաշինկթընի  միակ հովանաւորած կողմը քրտական  YPK -ն է, որուն   տրամդրուած  օժանդակութիւնները եւս այլ հաշիւներով կը կատարուին     եւ կապ ունին ԱՄՆ-ի   իրաքեան քիւրտիստանի  հետ      առկայ «մեղրալուսին»ի հաշիւներուն: Եւ  ասոր համահունչ պէտք է նաեւ նկատի առնել, որ քրտական ջոկատներ       լաւագոյն յարաբերութիւն կը մշակեն   Սուրիոյ ազգային բանակին հետ:  Այս  խօսքին  ամէնէն վառ եւ ճիշդ   ապացոյցը  Քամիշլիի, Թալ Ապեատի ու Քոպանիի մէջ   քիւրտ- սուրիական համագործակցութիւնն է, որ տեղ ունի աճելու եւ զարգանալու:  Այս համագործակցութեա   առընթեր  եթէ թելերը լաւ կապուին ու  երեւելի դառնայ ընդհանուր պատկերը  հասկնալի կը դառնայ, որ Մոսկուա եւ  Ուաշինկթըն  այսօր սուրիական  գետնի վրայ միասին կը տանին  ընդհանուր պայքար մը:

Այդ ընդհանուր պայլքարը  միայն ԻՇԻՊ-ին ու անոր վտանգներուն դէմ չէ: Այլ նաեւ պիտի գղէ  ու կազմակերպէ Սուրիոյ ընդդիմադիր կողմերուն ընդհանուր քարտէզին  նոր գիծերը:

 Այստեղ ուրեմն պէտք է հասկնալ, թէ ինչ  խաղ կը տարուի այսօր ու  շեշտադրել նաեւ, թէ  երկու գէր ուժերուն  տարած   եւ Սուրիոյ  ներքին  ճակատներուն վրայ  եղող  պայքարը  ինչ     հաւանական  հեռանկարներու  ճամբայ պիտի հարթէ:

 

   «Ժընեւ-3»   սպասելի համաժողով  մըն է, սակայն վստահաբար  կրնայ  դարձեալ     հանդիսանալ  տեղքայլի նոր հանգրուան մը  այնքան  ժամանակ,  որ Սիւննի կողմը    չուզէր հասկնալ Մոսկուայի պատգամները:

Սուրիոյ  պատերազմին   ամէնօրեայ   արիւնահոսումը  կրնայ  յստակօրէն  շեշտադրել, որ շրջանին  մէջ  այսօր առաջարկուած   լուծումները  կրնան վաղը աւելի թանկ արժել Րիատին  ու անոր համախոհներուն:

  «Ժամանակ» 

   Պոլիս                                                                              Սագօ Արեան