Շաբաթ մը առաջ համացանցի վրայ եւ յատկապէս սուրիահայերու շրջանակներուն մէջ քննարկման թէժ թեմա դարձաւ Հայրենիքի եւ պատկանելիութեան հարցը:
Խնդիրը հրատապ դարձաւ , երբ Հալէպի լուրերը փոխանցող դիմատետրի էջերէն մին Համա-ՀՄԸՄ-եան խաղերուն մասնակցող Հալէպի պատուիրակութեան լուսանկարները տեղադրելով ընտրած էր հետեւեալ խորագիրը ՝ «Հալէպահայ երիտասարդները իրենց երկրորդ հայրենիքին մէջ չեն մոռնար իրենց առաջին հայրենիքը ՝ Սուրիան»:
Ճիշդ է, որ երեւոյթը ոգեւորիչ էր, սակայն նման խորագրով լուրի մը հրապարակումը առիթ կը հանդիսանար, որ այս խոցելի երեւոյթը դառնար վէճի առանցք ու պատճառ դառնար, որ կարգ մը սուրիահայեր իրար դէմ «դուրս գալով» ծանր մեղադրանքներ հնչեցնեն, անգամ զիրար վիրաւորեն:
«Արեւելք» նախանձախնդրութիւնը ունենալով նման «նուրբ» թեմայի մը մասին գրելու, յանձն առաւ հարցազրոյց մը կատարել այդ օրերուն բաւական «հատու» խօսքով հանդէս եկած հալէպահայ եւ ներկայիս Երեւան բնակութիւն հաստատած երաժիշտ եւ խմբավար Տիար Շահէ Քէշիշեանին հետ:
Ինչպէս միշտ, այսօր ալ նոյն ոգիով է, որ կը փորձենք մօտենալ մեր առջեւ դրուած հարցերուն փորձել դառնալով բոլորին ձայնն ու ամպիոնը:
Մեզի համար, լրագրութիւնը, ցանկացած թեմայի մասին լուր եւ տեղեկութիւն փոխանցելու ճիգը կը բխին անկեղծ եւ ճշմարիտ ըլլալու մօտեցումներէն:
Ու կասկածէ վեր է, որ նոյնիսկ նման «բարդ» եւ «ազդեցիկ» թեմաներու պարագային ալ ստիպուած պէտք է ըլլանք յարգել բոլորին կարծիքը:
Որովհետեւ մեզի համար ամէնէն էականը, բոլորին, նոյնիսկ մոռցուածներու ու անտեսուածներուն ամպիոնն ու բեմը դառնալն է :
Բան մը, որ լրագրութիւնէ անդին երթալով յարիր ու նման է առաքելութեան:
Յ.Գ. Այսօրուան մեր թիւով կը հրապարկենք հալէպահայ Շահէ Քէշիշեանին հետ մեր կատարած հարցազրոյցը, վստահեցնելով, որ «Արեւելք» միշտ ալ պատրաստ է նոյն թեմային մասին այլ կարծիքներ եւս հրապարակել:
«Արեւելք»