Սուրիահայ լրագրող եւ վերլուծաբան Գէորգ Ալմասեանի դէմ շղթայազերծուած պայքարը ձախողութեան մատնուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ալմասեանի մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը։
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ յատկապէս համացանցին վրայ վերջին օրերուն շրջան ընող բոլոր տեղեկութիւնները այն մասին, որ պաշտօնական Պերլին երկրէն պիտի արտաքսէ Ալմասեանը ստապատիր են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Կը նշուի նաեւ, որ Գերմանիա գտնուող ռատիքալիստ շրջանակներ այդպիսի տեղեկութիւններ տարածեցին, այն օրէն սկսեալ, երբ Ալմասեան իր «Եու-թյուպ»ի ալիքին վրայ «Իսլամ եղբայրներ»ու քանդարար վարքագիծը եւ գործունէութիւնը մերկացնող տեսաշար մը հրապարակեց։
Յիշեցնենք, որ բնիկ հալէպցի Ալմասեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Գերմանիոյ մէջ, հանդէս կու գայ Սուրիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մասին վերլուծական նիւթերով եւ վերջին շրջանին ալ հիմնած է «Եու-թյուպ»ի իր սեփական էջը, որ կը կրէ «Սիրիանա անալիսիս» անունը։