image

Սուրիացիներ մեծ խումբերով տուն կը վերադառնան.. ի՞նչ է 8000 տոլարի պատմութիւնը

Սուրիացիներ մեծ խումբերով տուն կը վերադառնան.. ի՞նչ է 8000 տոլարի պատմութիւնը

Բրիտանական «Financial Times» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր յօդուածագիրն անդրադարձած է սուրիացի գաղթականներու տունդարձին:

Յօդուածագիրը նշած է, որ Իրսալի մէջ քանի մը անգամ բախում տեղի ունեցած է տեղի բնակչութեան եւ սուրիացի գաղթականներու միջեւ:

Յօդուածագիրը, վկայակոչելով Արտաքին գործոց նախարար Ճուպրան Պասիլի յայտարարութիւնը նշած է, որ վերջինս շեշտած է, թէ Լիբանանի պետութիւնը չի կրնար մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու տունդարձի հարցը լուծելու համար սպասել Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծման:

Ինչ կը վերաբերի վերադարձի դիմումին Դամասկոսի կողմէ դրական պատասխան ստացած գաղթականներուն, նշուած է, որ վերջիններուս վեց ամիս ժամկէտ պիտի տրուի երկիրը լքելու համար, իսկ պարտադիր զինուորական ծառայութեան տարիքի երիտասարդները պարտաւոր են զինուորագրուիլ, կամ 8000 տոլար փրկագին վճարել: