image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացի փախստականները Հալէպ վերադարձնելու թրքական ծրագիր

Սուրիացի փախստականները Հալէպ վերադարձնելու թրքական ծրագիր

Թուրքիա երէկ յայտարարած է Սուրիոյ մէջ շինարարական նոր ծրագիր սկսելու մասին, որ կը նախատեսէ Ալ Պապ քաղաքի հիւսիսային հատուածին մէջ 11 հազար յարկաբաժինի, դպրոցներու, հիւնադանոցներու եւ սպասարկման կեդրոններու կառուցում: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:

 

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ այս առաջինը չէ, նմանատիպ ծրագիր մը արդէն իրականացուած է Թուրքիոյ սահմանին մօտ, Հալէպի հիւսիսը գտնուոող Ալ-Րահի շրջանին մէջ, ուր կառուցուած է 40 հազար յարկաբաժին եւ այս ծրագիրները ծանօթ են «Թուրքիա ապաստանած սուրիացի փախստականները Սուրիա վերադարձնել» անունով:


Քիւրտ քաղաքական գործիչ, «Ազգային դիմադրութեան» գրասենեակի պատասխանատու Ռէզան Հըտտօ «Ալ Ժատիտ»ին փոխանցած է, որ այս մէկը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը Թուրքիոյ կցելու նպատակաուղղուած ծրագիր է, Իսքանտարունի օրինակով, որոնք արդէն կը ղեկավարուին Թուրքիոյ Քիլիս եւ Այնթապ քաղաքներու վարչական մարմիններուն կողմէ: Անոր փոխանցմամբ այս շրջաններուն մէջ վերաբնակեցման   առիթ նախ պիտի տրուի թրքական իշախանութիւններուն մօտ գտնուող թուրքմէններուն:

 

Նշենք, որ այս ծրագիրները կ'իրականացուին Թուրքիոյ եւ Ծոցի երկիրներու համատեղ ֆինանսաւորմամաբ եւ նպատակ ունի այդ շրջանները Թուրքիոյ ենթակայութեան տակ առնել: