Լիբանանի արդարադատութեան նախկին նախարար՝ Աշրաֆ Ռիֆի ծանր քննադատութիւններ ուղղած է «Հըզպալլա»ին:
«Սքայ Նյուզ արապիք» ին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Ռիֆին ըսաւ որ սուրիացի փախստականները իրենց կամքով չհեռացան իրենց երկրէն, այլ փախան «Հըզպալլա»ի եւ սուրիական բանակի արարքներէն:
Ռիֆին նաեւ զգուշացուց որ լիբանանի կառավարութիւնը պէտք չէ տկարանայ ու ենթարկուի «Հըզպալլա»ին ։
Նշենք, որ անցնող օրերուն Լիբանանի հասարկաութիւնը յուզող գլխաւոր թեման շուրջ երկու միլիոն հասնող սուրիացի փախստականներու հարցն է:
Ըստ սուրիացի փախստականներուն անոնք մեծ ճնշումներու կ'ենթարկուին Լիբանանի մէջ ու այդ իսկ պատճառով կը պատրաստուին բողոքի մեծ ցոյց մը իրականացնել:
Յիշեցնենք, որ այս զարգացումները տեղի ունեցան Արսէլ աւանի դէպքերէն ետք, ուր բանակի կատարած գործողութիւններով սուրիացի աւելի քան կասկածելիներ ձերբակալուած էին:
Այդ ձերբակալեալեալներէն չորսը աւելի ուշ մահացան պատճառ դառնալով, որ տարակարղութիւններ ունեցող կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը աւելի սրի:
Իր կարգին Լիբանանի ՆԳ նախարար Նոհատ Ալ Մաշնուք յայտարարութիւն մը հրապարակելով դիտել տուաւ, որ ոչ մէկ կողմ ցոյց կատարելու իրաւասութիւն պիտի ունենայ: Ըստ Մաշնուքի նախատեսուած բողոքի հաւաքները վնաս կրնան պատճառել երկրի միասնութեան եւ անվտանգութեան: