Սուրիոյ ճգնաժամի մեկնարկէն եօթ տարիներ անց Պէյրութ կը շարունակէ ճնշման ենթարկուիլ, սուրիացի փախստականները ժամ առաջ իրենց տուներն ուղարկելու գործողութիւնը կազմակերպելու համար, մինչդեռ ԱՄՆ եւ միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ խանգարել այն գործընթացը, շեշտելով, որ Սուրիա տակաւին պատրաստ չէ իր բնակիչներու վերադարձին:
«Monitor» լրատուական կայքը յօդուածով մը անդրադարձած է Լիբանան ապաստանած սուրիացի փախստականներու հարցին, նշելով, դիտել տալով, որ յիշեալ երեւոյթի թէ' ներքին, թէ' տարածաշրջանային վտանգաւոր հետեւանքները բազմաթիւ են:
Կայքին կարծիքով, Պէյրութի մէջ որոշ կառոյցներ կը վախնան պաղեստինեան փորձի կրկնութենէն:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին տուեալներով, ներկայիս Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներու 74 տոկոսի կեցութիւնը ապօրինի է, եւ անոնց մեծ մասը տնտեսական շատ ծանր պայմաններու մէջ կ'ապրին:
Կայքը, կապ հաստատելով շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, տեղեկացած է, որ անցնող ամսուան ընթացքին 500 սուրիացի փախստական Սուրիա ուղարկուած են:
Լիբանանի իրաւասու մարմիններու խոշորագոյն մտահոգութիւնն այն է, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ ճնշում բանեցնել պէյրութի վրայ, եւ ստիպել, որ սուրիացի գաղթականներն առաւել երկար ժամանակ մնան այնտեղ:
Կայքին փոխանցմամբ, Սուրիա-Լիբանան քաղաքական բախումէն խուսափելու համար, նախագահ Աուն սուրիացի փախստականներու հարցով Դամասկոսի հետ երկխօսութիւն իրաանացնելու գործը վստահած է Ազգային անվտանգութեան վարչութեան պետ Ապպաս Իպրահիմին: