image

Սուրիացի Փախստականներ Երաժշտական Խումբեր Ստեղծած Են Եւ Կը Նուագեն Թրքական Քէմփերուն Մէջ

Սուրիացի Փախստականներ  Երաժշտական Խումբեր  Ստեղծած Են Եւ Կը  Նուագեն  Թրքական Քէմփերուն Մէջ

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Սուրիացի երաժիշտներ,որոնք փախած են իրենց երկրի մէջ տիրող պատերազմէն, հնարաւորութիւն ունեցած են վերակենդանացնելու  իրենց մասնագիտութիւնն ու մշակոյթը Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը գրէ «Սապահ» նշելով, որ Մուսթաֆա Էրթէքին սուրիացի փախստականներէ բաղկացող նուագախումբ մը ​​կազմած է, որոնք կ'ապրին Քիլիսի հարաւային շրջանը գտնուող Էլպէյի փախստականներու քէմփին մէջ, ուր  կան  շուրջ 24,000 գաղթականներ :

Երաժշտական ​​խումբը կազմուած է 11 փախստականներէ: Նուագախումբի ղեկավար Էրթէքին ջանք  թափած է գտնելու երաժիշտները եւ այդպիսով գոցելու այն ինչ կը կոչուի քէմփի «բացը» , որն էր երաժշտութեան պակասը: «Այդ մէկը ընելը  շատ դժուար էր սկիզբի շրջանին», - ըսած է Էրթէքին, երբ հարց տրուած է, թէ ինչպէս յղացած էր խումբը կազմելու գաղափարը: Ան առաջին հերթին երկար ժամանակ թափառած է ամբողջ շրջանը,  նախքան քէմփի ղեկավարութեան յայտնելու իր միտքը: Երիտասարդ երաժիշտը կը նշէ, որ իրեն բախտ վիճակուած է խումբի անդամնեուն գտնել քէմփի մէջ, Քիլիսի նահանգապետէն պաշտօնական հաստատում ստանալէ ետք:

Աղբիւրը կը նշէ, որ խումբը, որ կը կոչուի «Մուսթաֆա  Էրթքէն եւ անոր նուագախումբը» համերգներով մասնակցած են  քէմփէն ներս ազգային եւ միջազգային պաշտօնական  տարբեր միջոցառումներու:

Էրթքէնի խումբը կազմելու նպատակը եղած է «երաժշտութեամբ  մեր ցաւն է որ կը կիսուինք եւ ոչ թէ զայն կ' օգտագործենք հաճոյքի համար» ըսած է Էրթքէն:

«Սապահ» կը նշէ, որ այս շահոյթ չհետապնդող խումբը պարզապէս կ'ուզէ ցոյց տալ, որ իրենք հաճոյքի նպատակով չէ, որ կ'աշխատին: Խումբի կարգ մը անդամները դարձած են գրանցուած ուսուցիչներ քէմփի  դպրոցներուն մէջ, ուր անոնք երաժշտութիւն կը սովորեցնեն սուրիացի երեխաներուն: