Սուրիոյ մէջ փետրուարի վերջերը ահաբեկիչներու յարձակման հետեւանքով երեք ռուս զինուորականներ զոհուած են: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։
Զոհուած զինուորներուն մարմինները տեղափոխուած են Ռուսաստան։ Ռազմական հաստատութենէն ըսած են, որ երեք զինծառայողներու անհետացման լուրը ստանալու պահէն անոնց որոնման անդադար աշխատանքներ սկսած են։
Աւելի ուշ զինուորականներու եւ յատուկ ծառայութիւններու համատեղ գործողութեան շնորհիւ յարձակումը իրականացուցած աւելի քան 30 զինեալները ոչնչացուած են։