image

«Սուրիա գացէք եւ հոն պետութիւն հիմնեցէք». Իսրայէլ կոչ ըրաւ տիւրզիներուն

«Սուրիա գացէք եւ հոն պետութիւն հիմնեցէք». Իսրայէլ կոչ ըրաւ տիւրզիներուն

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» յայտնած է, որ ըստ վարչապետ Նաթանիահուի մօտիկ ծանօթներէն Նաթան Իշըլի յայտարարութեան, Քնիսէթի կողմէ հաստատուած Ազգայնական օրէնսդրութեան դէմ ընդդիմացող Պաղեստինի տուրզի համայնքին վարչապետը առաջարկած է տեղափոխուիլ Սուրիա եւ այնտեղ իրենց պետութիւնը հիմնել:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Նաթան Իշըլ պնդած է, որ Քնիսէթը չի պատրաստուիր Ազգայնական օրէնսդրութեան մէջ որեւէ յօդուած փոփոխութեան ենթարկել, հետեւաբար ընդդիմացող տուրզիներուն առաջարկած է միանալ Սուրիա գտնուող իրենց ազգակիզներուն եւ այնտեղ իրենց պետութիւնը հիմնել:

Իր հերթին վարչապետի գրասենեակը յայտարարութիւն մը տարածած է, պնդելով, որ Նաթան Իշըլի խօսքերը չեն բխիր տուրզիներու նկատմամբ վարչապետ Նաթանիահուի դիրքորոշումէն ու ի շահ վերջիններուս իր ձեռնարկած բարեփոխումներէն: