image

Սրտի կանգի պատճառով ՊԲ զինծառայող մահացած է

Սրտի կանգի պատճառով ՊԲ զինծառայող մահացած է

12 Փետրուարին` ժամը 18:00-ին, նախնական` լեարդային անբաւարարութիւն, սրտի կանգ ախտորոշմամբ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ Մարտակերտի զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած է ՊԲ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ զօրամասերէն մէկու զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Ֆրունզիկ Վալերիի Թամազեանը: Հակառակ բժիշկներու գործադրած ջանքերուն՝ ժամը 20:30-ի սահմանին զինծառայողը մահացած է։

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Այս մասին կը յայտնէ ՊԲ կայքը։