image

Սիսի եւ Նաթանիահու հանդիպեցան. Հանդիպումը առաջինն էր

Սիսի եւ Նաթանիահու հանդիպեցան. Հանդիպումը առաջինն էր

Այսօր առաւօտեան հանդիպում կայացած է Իսրայէլի վարչապետ  Բենիամին Նաթանիահուի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ ալ-Սիսիի միջեւ, Նիւ Եորքի մէջ տեղ ունեցած ՄԱԿ-ի  ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս, ինչպէս կը յայտնեն իսրայէլեան լրատուամիջոցները:

Ըստ «Ուալա» իսրայէլեան կայքէջին, «Հանդիպումը տեւած է մօտ մէկ ու կէս ժամ, որու ընթացքին երկու կողմերը « մանրակրկիտ» քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի հարցը, եւ Եգիպտոսի նախագահը ցանկութիւն յայտնած է օգնելու՝ Իսրայէլի եւ պաղեստնցիներու միջեւ հարցերու կարգաւորման մէջ»:

 

«Հաարեթց»-ի փոխանցմամբ, այս հանդիպումը Նաթանիահուի եւ Սիսիի առաջին հրապարակային հանդիպումն է, որուն մասնակցած է նաեւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամէհ Շուքրին եւ գաղտնի սպասարկութեան նախագահ Խալէտ ֆաուզին:

 

«Հաարեց» նշած է նաեւ, որ «Նաթանիահուն եւ Սիսին, գաղտնի կերպով, յունուար 2016-ին նոյնպէս հանդիպած են «Ագապայի գագաթնաժողով»ին, անկէ ամիսներ անց, մէկ այլ գաղտնի հանդիպում մը եղած էր, ուր Սիսին Գահիրէ մէջ հիւրընկալած էր Նաթանիահուն, սակայն  արդիւնաւէտ չէին եղած այդ հանդիպումները»: