image
Հրատապ լուրեր:

Շուէտը բանակը համալրելու պէտք կը զգայ

Շուէտը բանակը համալրելու պէտք կը զգայ

Շուէտիոյ կառավարութիւնը կը նախատեսէ կրկին կեանքի կոչել պարտադիր զօրակոչային համակարգը, որ չեղարկուած է 2010-ին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ յունուար 2018-էն սկսեալ, Շուէտի մէջ  կը նախատեսուի 1999-ի ծնունդ 4000 երիտասարդ եւ երիտասարդուհի զօրակոչի ենթարկել:

Պարտադիր ծառայութեան օրէնքի վերականգման որպէս պատճառ կը նշուի կամաւորներու թիւի նուզումը:

Կը նշուի, որ Շուէտական բանակը, որ պէտք է 30 000 ծառայող ունենայ, անոր կը պակսի 7500 մարդ: