Ըստ ֆրանսական դատական մարմիններու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի հօրեղբայր՝ Ռիֆաաթ Ասատ, իր հարստութիւնը թիզած է հասարակական- բարեսիրական միութիւններու գումարներու իւրացմամբ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նոյնպէս կը յայտնէ , որ Ռիֆաաթ Ասատ օրեր առաջ ներկայացած է Ֆրանսայի հետաքննական դատարան հարցաքննութեան համար:
Ֆրանսական դատախազութիւնը՝ անցեալ 9 յունիսին (2015 ),Ասատը մեղադրած էր, հասարակական դրամներու իւրացմամբ եւ «լուացմամբ»: Հետաքննութիւնը բացուած էր «Շերպա» կազմակերպութեան գանգատէն ետք կապուած ` «ապօրինի սեփականութիւններու»:
Կը նշուի նաեւ, որ ըստ քննիչներու Ռիֆաաթ Ասատի (79 տարեկան) ունեցած դրամական հարստութիւնը կը գմահատուի ՝ 90 միլիոն եւրոյով:
Նոյն առումով Հետաքննութեան դատախազութեան մօտիկ աղբիւր մը AFP -ին յայտնած է, որ Ռիֆաաթ Ասատ դատական նիստին ընթացքին, ըսած է , «Ինչպէս նախապէս հաստատած եմ, դրամները շնորհուած են Սէուտական Արաբիոյ հանգուցեալ թագաւոր ՝ Ապտալլայի կողմէն, երբ 80-ականներուն գահաժառանգ էր, խրախուսելու համար քաղաքական պայքարը եղբօրս դէմ»:
Ասատի շրջանակները յայտնեցին, թէ՝ «Այն ժամանակ ան ստացած էր 15 միլիոն տոլար, սակայն այս սեփականութիւններուն արժէքը բարձրացած է այսօր», աւելցնելով, «1984-ի հաստատուած 10 միլիոն տոլարի շնորհագիր ներկայացուցինք: Մնացեալ սեփականութիւններուն վերաբերեալ դժուար է, 30 տարի վերջ, վաւերագրեր գտնել»:
8 յուլիսին, դատախազութիւնը հրահանգած էր սեփականազրկել անոր սեփականութիւններէն երկար շարք մը, որոնցմէ են ՝փարիզեան շրջանի մէջ գտնուող ագարակ մը, 7 միլիոն եւրօ արժողութեամբ, երկու շքեղ տուներ, Փարիզի մէջ այլ սեփականութիւններ, եւ Լիոնի մէջ 12.3 միլիոն եւրօ արժողութեամբ՝ գրասենեակային տարածքներ: Ինչպէս նաեւ՝ սառեցուած են Փարիզի քաղաքապետարանի վճառած 9.5 միլիոն եւրո արժողութեամբ արժեթուղթերը:
Բենիամին Կրօնտլըր, Ասատի պաշտպան փաստաբանը, որ բողոքեց սեփականազրկման գործողութիւններուն դէմ, մերժեց նիւթին կապակցութեամբ մեկնաբանութիւններ յայտնել:
Հետաքննութիւնները հիմնուած են նախկին արտ.գործ. նախարար՝ Ապըտ ալ հալիմ Խատտամի վկայութեան վրայ, որ նաեւ՝ բնակութիւն հաստատած է՝ Ֆրանսա:
Խատտամ ըսաւ, թէ Հաֆէզ Ասատ եղբօրը 300 միլիոն տոլար վճառած է, 1984-ին, «ազատելու իրմէ»: Այդ գումարէն 200 միլիոնը նախագահական սնտուկէն, իսկ 100 միլիոնը՝ լիպիական վարկ:
Այս կապակցութեամբ, Ռիֆաաթ Ալ Սսատի շրջանակները ըսած են, «Ասոնք ամբաստանութիւններ են, որոնց ետին կը կանգնին նախկին փոխ նախագահինքաղաքական հակառակորդները», վստահեցնելով, որ «հարստութեան աղբիւրը շատ թափանցիկ է: Իսկ Լիւքսէմպուրկի հաշուեհամարները, բացարձակապէս, օրինական են: Հարկային դաշտի կողմէ քանի մը հետազօտութիւններ եղած են, որոնք մինչեւ այս պահը հետապնդումներու չեն յանգեցուցած»:
Հետաքննիչները, սակայն, կը տեսնեն, որ Ռիֆաաթ Ասատ մեկնաբանութիւններ կը յայտնէ, որոնք «կապ չունին իր այժմու հարստութեան եւ շքեղ ապրելակերպին հետ»:
Ըստ հետաքննութիւններուն մօտիկ աղբիւրի, անոնց ապօրինութեան շուրջ կասկածանքները, հոսկէ ծնունդ կ′առնեն: Ան բացայայտեց, որ 2002-ի եւ 2006-ի միջեւ, 5 միլիոն եւրօ կանխիկ քաշուած է, իր կիներէն մէկուն հաշուեհամարէն:
Դատախազ Ուիլիըմ Պօրտըն, յայտնեց, թէ «Շերպա» կազմակերութեան նախագահը, որ գանգատը բարձրացուց, ըսած է, «տուեալ փաստերուն, Ռիֆաաթ Ասատի ընտանիքի հերքումը, չի զարմացնէր մեզ»: