image

Սէուտական Արաբիա մեծ գումարներ տուաւ, որպէսզի եղբոօրս դէմ պայքարիմ. Ռիֆաաթ Ասատ

Սէուտական Արաբիա մեծ գումարներ տուաւ, որպէսզի եղբոօրս դէմ պայքարիմ. Ռիֆաաթ Ասատ

Ըստ ֆրանսական դատական մարմիններու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի հօրեղբայր՝ Ռիֆաաթ Ասատ, իր հարստութիւնը թիզած է հասարակական- բարեսիրական միութիւններու գումարներու իւրացմամբ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նոյնպէս կը յայտնէ , որ Ռիֆաաթ Ասատ օրեր առաջ ներկայացած է Ֆրանսայի հետաքննական դատարան հարցաքննութեան համար:

Ֆրանսական դատախազութիւնը՝ անցեալ 9 յունիսին (2015 ),Ասատը մեղադրած էր, հասարակական դրամներու իւրացմամբ եւ «լուացմամբ»: Հետաքննութիւնը բացուած էր «Շերպա» կազմակերպութեան գանգատէն ետք կապուած ` «ապօրինի սեփականութիւններու»:

Կը նշուի նաեւ, որ ըստ քննիչներու Ռիֆաաթ Ասատի (79 տարեկան) ունեցած դրամական հարստութիւնը կը գմահատուի ՝ 90 միլիոն եւրոյով:

Նոյն առումով Հետաքննութեան դատախազութեան մօտիկ աղբիւր մը AFP -ին յայտնած է, որ Ռիֆաաթ Ասատ դատական նիստին ընթացքին, ըսած է , «Ինչպէս նախապէս հաստատած եմ, դրամները շնորհուած են Սէուտական Արաբիոյ հանգուցեալ թագաւոր ՝ Ապտալլայի  կողմէն, երբ 80-ականներուն գահաժառանգ էր, խրախուսելու համար քաղաքական պայքարը եղբօրս դէմ»:

Ասատի շրջանակները յայտնեցին, թէ՝ «Այն ժամանակ ան ստացած էր 15 միլիոն տոլար, սակայն այս սեփականութիւններուն արժէքը բարձրացած է այսօր», աւելցնելով, «1984-ի հաստատուած 10 միլիոն տոլարի շնորհագիր ներկայացուցինք: Մնացեալ սեփականութիւններուն վերաբերեալ դժուար է, 30 տարի վերջ, վաւերագրեր գտնել»:

8 յուլիսին, դատախազութիւնը հրահանգած էր սեփականազրկել անոր սեփականութիւններէն երկար շարք մը, որոնցմէ են ՝փարիզեան շրջանի մէջ գտնուող ագարակ մը, 7 միլիոն եւրօ արժողութեամբ, երկու շքեղ տուներ, Փարիզի մէջ այլ սեփականութիւններ, եւ Լիոնի մէջ 12.3 միլիոն եւրօ արժողութեամբ՝ գրասենեակային տարածքներ: Ինչպէս նաեւ՝ սառեցուած են Փարիզի քաղաքապետարանի վճառած 9.5 միլիոն եւրո արժողութեամբ արժեթուղթերը:

Բենիամին Կրօնտլըր, Ասատի պաշտպան փաստաբանը, որ բողոքեց սեփականազրկման գործողութիւններուն դէմ, մերժեց նիւթին կապակցութեամբ մեկնաբանութիւններ յայտնել:

Հետաքննութիւնները հիմնուած են նախկին արտ.գործ. նախարար՝ Ապըտ ալ հալիմ Խատտամի վկայութեան վրայ, որ նաեւ՝ բնակութիւն հաստատած է՝ Ֆրանսա:

Խատտամ ըսաւ, թէ Հաֆէզ Ասատ եղբօրը 300 միլիոն տոլար վճառած է, 1984-ին, «ազատելու իրմէ»: Այդ գումարէն 200 միլիոնը նախագահական սնտուկէն, իսկ 100 միլիոնը՝ լիպիական վարկ:

Այս կապակցութեամբ, Ռիֆաաթ Ալ Սսատի շրջանակները ըսած են, «Ասոնք ամբաստանութիւններ են, որոնց ետին կը կանգնին նախկին փոխ նախագահինքաղաքական հակառակորդները», վստահեցնելով, որ «հարստութեան աղբիւրը շատ թափանցիկ է: Իսկ Լիւքսէմպուրկի հաշուեհամարները, բացարձակապէս, օրինական են: Հարկային դաշտի կողմէ քանի մը հետազօտութիւններ եղած են, որոնք մինչեւ այս պահը հետապնդումներու չեն յանգեցուցած»:

Հետաքննիչները, սակայն, կը տեսնեն, որ Ռիֆաաթ Ասատ մեկնաբանութիւններ կը յայտնէ, որոնք «կապ չունին իր այժմու հարստութեան եւ շքեղ ապրելակերպին հետ»:

Ըստ հետաքննութիւններուն մօտիկ աղբիւրի, անոնց ապօրինութեան շուրջ կասկածանքները, հոսկէ ծնունդ կ′առնեն: Ան բացայայտեց, որ 2002-ի եւ 2006-ի միջեւ, 5 միլիոն եւրօ կանխիկ քաշուած է, իր կիներէն մէկուն հաշուեհամարէն:

Դատախազ Ուիլիըմ Պօրտըն, յայտնեց, թէ «Շերպա» կազմակերութեան նախագահը, որ գանգատը բարձրացուց, ըսած է, «տուեալ փաստերուն, Ռիֆաաթ Ասատի ընտանիքի հերքումը, չի զարմացնէր մեզ»: