«Ես Յաջորդ դատին համար ալ մեծ յոյսեր չունիմ»,- «Արեւելք» ին ըսաւ Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայութեան ընթացքին 24 Ապրիլ 2011-ին սպաննուած Սեւակ Պալըքճիի մայրը: Անի Պալըքճի նաեւ ըսաւ, որ Սեւակի սպաննութեան գործը քննող դատական յաջորդ նիստը պիտի կայացուի 22 Դեկտեմբերին: Սեւակը սպաննող անձը Քվանչ Աղաօղլու մինչ կը գտնուի բանտէն դուրս` Սեւակի ծնողները դարձեալ դատական ատեան դիմած են (արդէն երրորդ անգամ) երկրի իրաւական մարմիններէն պահանջելով պատժել ոճրագործը: Անի Պալըքճի նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ Սեւակի սպաննութեան դատական գործի աւարտէն ետք իրենք մտադիր են դիմել Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատական ատեան` վիճարկելու համար իրենց զաւակը սպաննողին դէմ առկայ վճիռը: Պալըքճի ըսաւ, թէ մեծ յոյսեր չունի, որ դատական գործին մէջ յանուն արդարութեան դրական փոփոխութիւն մը ըլլայ, որովհետեւ, ինչպէս ըսաւ` Թուրքիոյ մէջ արդարութիւն չկայ:
Նշենք, որ Սեւակը սպաննող Քվանչ Աղաօղլու կարճ ժամանակ մը բանտին մէջ մնալէ ետք ազատ արձակուած էր: Մեր խօսակիցը նաեւ յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ մինչեւ ընտրութիւններուն կատարուիլը տարբեր առիթներով հակահայ լոզունգներ լսելի դարձած են եւ համայնքի տարբեր անդամներ մտահոգ են ընդհանուր իրավիճակին առընթեր: «Կրնամ ըսել` այո, որ մտահոգ եմ Պոլսոյ մէջ տիրող իրավիճակին համար ու շատ անգամ կը խորհիմ, թէ դժուար չէ, որ անցեալի պատմութիւնը նորէն կրկնուի: Ամէնէն տխուրը եւ մտահոգիչն այն է, որ այս դառն փորձառութիւններէ ետք հայութիւնը հոս եւս կը մնայ մասնատուած եւ բաժան- բաժան»: