image

Մոլորուած ատրպէյճանցին վերադարձուած է

Մոլորուած ատրպէյճանցին վերադարձուած է

Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Քասիմով Եաշար Ալի Օղլին, որ նախապէս մոլորելու հետեւանքով անցած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ (Տաւուշի մարզ) յայտնաբերուած էր, սոյն թուականի Հոկտեմբեր 24-ին վերադարձուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն եւ յանձնուած՝ Ատրպէյճանի իրաւասու մարմիններուն։

Այս մասին կը յայտնեն Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։