image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփը «շփոթահար». Գործա՞րք կա՞մ Իրանին քայքայիչ հարուած

Թրամփը «շփոթահար». Գործա՞րք կա՞մ  Իրանին քայքայիչ հարուած

Թրամփ յայտարարած է, որ ընտրութիւն կը կատարէ Իրանի հետ գործարք կնքելու եւ «հարցը վերջնականապէս փակելու» միջեւ։ Այս մասին կը հաղորդէ TASS-ը։

ԱՄՆ-ի նախագահը կրկնած է նաեւ իր այն տեսակէտը, թէ նաւթի գիները պիտի նուազին, երբ աւարտի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական հակամարտութիւնը։

«Ես պէտք է ընտրութիւն կատարեմ. կա՛մ վերջ տալ այս ամէնուն, որ շատ դիւրին պիտի ըլլայ, կա՛մ ալ գործարք կնքել», ըսած է ան՝ Fox News-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։ ԱՄՆ-ի նախագահը կրկնած է նաեւ իր տեսակէտը, թէ նաւթի գիները պիտի նուազին, երբ աւարտի ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ Իրանի մասնակցութեամբ ռազմական հակամարտութիւնը։

 

Հոկտեմբեր 24-ին Թրամփ դարձեալ ակնարկած է, որ կրնայ որոշել նոր հարուածներ հասցնել Իրանին, եթէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ չյաջողուի համաձայնութեան հասնիլ։

Փետրուար 28-ին Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլ պատերազմ սկսան Իրանի դէմ։ Յունիսին Ուաշինկթընն ու Թեհրանը ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր, որ կը նախատեսէր ռազմական գործողութիւններու անմիջական դադրեցումը բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ՝ Լիբանանի մէջ։

Սակայն Յուլիս 8-ի գիշերը ԱՄՆ վերսկսաւ Իրանի ուղղութեամբ լայնածաւալ հարուածները՝ Թեհրանը մեղադրելով Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները խախտելու մէջ։

Այդ նեղուցով կ՚իրականացուի համաշխարհային նաւթային առեւտուրին շուրջ 25 տոկոսին եւ հեղուկ բնական կազի առեւտուրին շուրջ 20 տոկոսին փոխադրութիւնը։

Հետագային ԱՄՆ-ի վարչակազմը փաստացի յայտարարեց Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական ուժի կիրարկման աւարտը՝ փոխարէնը անցնելով պատժամիջոցներու միջոցով երկիրը տնտեսապէս խեղդելու փորձերուն։