image

«Մի միջամտէք մեր ներքին գործերուն» Պաքուէն սլաք՝ Թեհրանի ուղղութեամբ

«Մի միջամտէք մեր ներքին գործերուն» Պաքուէն սլաք՝ Թեհրանի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանի գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութիւնը երկրի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ որակած է Իրանի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու նախարար Հոսէյն Սիմայի Սարաֆի յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի հանրապետութեան մէջ կրթութեան հարցերուն եւ ատրպէյճանական դպրոցներուն մէջ դպրոցական միասնական համազգեստի ներդրման։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու նախարար Հոսէյն Սիմայի Սարաֆի յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճանի մէջ կրթութեան հարցերուն վերաբերեալ, զարմանք եւ ափսոսանք կը յառաջացնէ։ Նման արտայայտութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ։ Ոեւէ մէկուն արտօնուած չէ միջամտել երկրի ներքին գործերուն, ներառեալ՝ անոր կրթական քաղաքականութեան, եւ նման փորձերը վճռականօրէն կը կանխուին», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Նախարարութիւնը յորդորած է Իրանի պաշտօնատար անձերը զբաղելու իրենց երկրին խնդիրներով։ Մասնաւորապէս, նախարարութենէն նշած են, որ Իրանի վարած քաղաքականութեան հետեւանքով երկրին մէջ չկայ ո՛չ մէկ դպրոց, ուր ուսուցումը կը կատարուի ատրպէյճաներէնով։ Այդ լեզուով ուսուցում չի կատարուիր նաեւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։

 

«Մինչդեռ Իրանի շուրջ 40 միլիոն բնակիչները բնիկ էթնիք ատրպէյճանցիներ են, որոնք տասնամեակներէ ի վեր զրկուած են մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ իրանցի նախարարի, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ այս նիւթին շուրջ արտայայտուող այլ անձերու պարտականութիւնն է զբաղիլ նշուած խնդիրներու լուծմամբ եւ միջոցներ ձեռնարկել՝ տասնամեակներէ ի վեր պահպանուող անարդարութիւնը վերացնելու համար։

Նշենք, որ, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Իրանի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու նախարար Հոսէյն Սիմայի Սարաֆ արտայայտուած է Ատրպէյճանի մէջ դպրոցական միասնական համազգեստի ներդրման դէմ եւ յայտարարած կրթական ազատ միջավայր ստեղծել մասին՝ այն աղջիկներու համար, որոնք կը պնդեն, թէ զրկուած են կրթութեան իրաւունքէն։ Իրանցի նախարարը յայտարարած է, որ իր երկրին համալսարանները պատրաստ են ընդունելու ատրպէյճանցի աղջիկները՝ ընդգծելով, որ հագուստի ձեւը պէտք չէ խոչընդոտէ կրթութիւն ստանալուն։

 

Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յստակեցուցած է դպրոցական համազգեստին ներկայացուող պահանջները, իսկ Հոկտեմբերին՝ մանկավարժներու հագուստին վերաբերող պահանջները։ Կանոնները կը նախատեսեն գործնական ոճ եւ կ՚արգիլեն հագուստի այն տարրերը, որոնք կը հակասեն երկրին մէջ կրթութեան աշխարհիկ բնոյթին։