image

Սամուէլ Կարապետեան իշխանական նուէրը ` Կիւմրիին

Սամուէլ Կարապետեան իշխանական  նուէրը ` Կիւմրիին

Մոսկուաբնակ  յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեան Կիւմրիի անօթեւան ընտանիքներուն  10 բնակարան  պիտի յատկացնէ: Այս մասին այսօր յայտարարուած է   Կարապետեեանի  տնօրինած «Հայաստանի Էլէքդրական ցանցեր» (ՀԷՑ)   ընկերութեան տնօրէն   Կարէն Յարութիւնեան   Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման  մը ընթացքին: Նշենք, որ «Կիւմրին  առանց տնակներու» նախաձեռնութեան    անդամներ  անցնող    շաբաթներուն  անօթեւան եւ  տնակներու մէջ ծանր պայմաններու տակ ապրող  կիւմրեցիներու համար դրամահաւաք կատարած էին՝ նպատակ  ունենալով   բնակարաններ գնել եւ յատկացնել   կարիքաւոր  ընտանիքներուն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ   բարեսիրական այս գործը  հետապնդողնըրը   մինչեւ այս պահը  խոստացուած   13 բնակարանի  փոխարէն   յաջողած  են 22 բնակարանի գումար ապահովել: