Արցախեան սահմանային տարբեր ուղղութիւններով լարուած դրութիւնը կը շարունակուի: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ երէկ գիշեր սահմանային տարբեր դիրքերու ուղղութեամբ հակառակորդը շարունակած է անցնեալ 5 ապրիլին հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը: Հայկական ուժերը կը շարունակեն համապատասխան կերպով պատասխան տալ եւ լռեցնել հակառակորդի կրակակէտերը: