Ղարաբաղեան սահմանին հանդարտ իրադրութիւնը կը շարունակուի: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ հակառակորդը մերթ ընդ մերթ կը խախտէ հրադադարը՝ օգտագործելով հրաձգային զէնքեր: Նշենք, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին սահմանին կը տիրէ համեմատական անդորր: