Սահմանային ընդհանուր իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ հակառակորդը երէկ գիշեր դարձեալ շարունակած է խախտել հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը: Կը նշուի, որ ազրպէյճանական ուժեր երէկ հայկական սահմանապահ դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բացած են՝ օգտագործելով 82 միլիմերթանոնց նռնականետեր: Հայկական ուժերը համապատասխան կերպով շարունակած են լռութեան մատնել թշնամին: