Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն քիչ առաջ հրամանագիր մը ստորագրեց, որուն հիմքով «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի նախագահ Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ երկրի վարչապետ: Նշենք, որ երէկ ամբողջ օրը եւ այսօր առաւօտուն խորհրդարանի անդամ երեսփոխաններ Պաապտայի պալատ բարձրանալով, իրենց տեսակէտը տուած էին՝ կապուած երկրի նոր վարչապետի անուան: Նախագահական հրամանագրի հրապարակումէն ետք Սաատ Հարիրի այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ երկրի նախագահին հետ: Հարիրի հանդիպման աւարտին խօսեցաւ լրագրողներուն նկատել տալով, որ իր համար մեծ պատիւ է ընդունիլ նախագահ Աունի ըրած առաջարակը եւ, թէ ինք պիտի փորձէ ամէն գնով կազմել «Ազգային համերաշխութեան կառավարութիւն»: Յիշեցնենք, որ խորհրդարանի անդամ վեց հայ երեսփոխանները եւս Պաապտայի պալատ այցելելով՝ Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրած էին երկրի վարչապետի պաշտօնին համար: