Ռուս գրող, «Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան նոր վտանգներու եւ մարտահրաւէրներու ուսումնասիրութեան հիմնարկ»ի տնօրէն՝ Ալեքսանտր Սուխարենկօ, խօսելով «Տահէշ»ի անդամներուն մէջ ամենաշատ տարածուած լեզուներու եւ ազգութիւններու մասին, յայտած է, որ ռուսերէն լեզուն լայն տարածում գտած է «Տահէշ» կազմակերպութեան գրոհայիններու մէջ:
Ըստ Սուխարենկոյի, ռուսական լեզուն «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան զինեալներու մէջ ամենաշատ տարածուած լեզուներէն երրորդն է:
Ան նշած է, որ «Տահէշ»ի մօտ ազգութեամբ ռուս կռուողներու տոկոսը կը կազմէ ութ առ հարիւր (8%) , սակայն ռուսերէն լեզուն երրորդն է՝ արաբերէնէն եւ անգլերէն վերջ:
Նոյն նիւթի ծիրէն ներս, ռուս գրողը յայտնած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի շարքերէն կռուող ռուս զինեալներու թիւը հասած է 3400-ի, որուն յաջորդած է սէուտցիները՝ 3200, յորդանանցիները՝ 3000, թունուզցիները՝ 2900 եւ ապա ֆրանսայի քաղաքացները՝ 1900 կռուող:
Գրողը զգուշացած է այդ կռուողներուն որոշ մասի իրենց երկիր վերադառնալու վտանգէն՝ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի կրած պարտութենէն ետք: Ան հաստատած է, որ անոնցմէ 400 ռուս, 760 սէուտցի 250 յորդանանցի, 271 ֆրանսացի եւ 800 թունուզցի արդէն վերադարձած են իրենց երկիրները: