image

Ռուսաստան պատրաստ է համապատասխան կերպով ԱՄՆ-ին պատասխանելու

Ռուսաստան պատրաստ է համապատասխան կերպով ԱՄՆ-ին պատասխանելու

Ռուսիա պատրաստ է արժանի կերպով պատասխանել  (Սուրիոյ  մէջ) ԱՄՆ-ին, եթէ վերջինս որեւէ նախաձեռնող քայլերու դիմէ: Այս մասին, ըստ «Ալ Ժատիտ»ի, յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, անդրադառնալով ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ Զինուած ուժերուն դէմ ուղղուած մեղադրանքներուն՝ քիմիական զէնք կիրառելու մտադրութեան շուրջ:

«Չեմ կարծեր, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք  G 20-ի խումբի խորհրդաժողովին Փութինի եւ Թրամբի երկխօսութեան չկայանալը ճիշդ պիտի ըլլայ»,- յայտարարած է Լաւրով:

Կրասնոտարի մէջ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Լաւրով նշած է նաեւ, որ խորհրդաժողովի նախօրէին մշակուած նախագիծի մասնամասներուն մասին լրատուամիջոցներու տարածած կանխագուշակումներուն որպէս պատասխան ինք ոչ մէկ ըսելիք ունի:

Ըստ անոր, խորհրդաժողովը պետութիւններու նախագահներու հանդիպման առիթ է, որուն ընթացքին եթէ Թրամբ-Փութին հանդիպում տեղի ունենայ, այն վերջիններուս առաջին անմիջական հանդիպումը պիտի ըլլայ:

Լաւրով միաժամանակ կարեւորած է երկու գերհզօր պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը՝ Սուրիոյ ճգնաժամի խաղաղ լուծման ուղիները քննարկելու ի խնդիր: