Ըստ RT –ին ամերիկեան զօրքի յատուկ գործողութիւններու բաժնի նախագահը յայտարարած է, թէ ռուսական զօրքը՝ որ Սուրիա կը գտնուի նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի համաձայնութեամբ «մեծ առաւելութիւններ ունի մեր վրայ»: Ան նաեւ ըսած է, որ ռուսական բանակը բաւարար կարողութիւնը ունի «մեզի հոսկէ վտարելու»:
Ամերիկացի զինուորականը նաեւ դիտել տուած է, որ այսօր Սուրիոյ մէջ ամերիկեան եւ ռուսական զօրքերուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը կապուած է «Տահէշ»ի դէմ պայքար մղելու օրակարգով: