image

«Ռուսական զօրքը բաւարար ուժ ունի մեզ Սուրիայէն վտարելու».Ամերիկացի սպայ

«Ռուսական զօրքը  բաւարար ուժ  ունի  մեզ Սուրիայէն   վտարելու».Ամերիկացի  սպայ

Ըստ RT –ին ամերիկեան զօրքի յատուկ գործողութիւններու բաժնի նախագահը  յայտարարած  է, թէ ռուսական զօրքը՝ որ   Սուրիա կը գտնուի նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի համաձայնութեամբ  «մեծ առաւելութիւններ ունի  մեր  վրայ»:  Ան նաեւ ըսած է, որ     ռուսական բանակը   բաւարար կարողութիւնը ունի «մեզի հոսկէ  վտարելու»:

 Ամերիկացի  զինուորականը նաեւ դիտել տուած է, որ այսօր  Սուրիոյ մէջ ամերիկեան  եւ ռուսական  զօրքերուն  միջեւ   առկայ  համագործակցութիւնը  կապուած է «Տահէշ»ի  դէմ  պայքար  մղելու օրակարգով: