image

Ռուս զինուորականները Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ծրագրեր կ'իրականացնեն

Ռուս զինուորականները Սուրիոյ մէջ մարդասիրական  ծրագրեր  կ'իրականացնեն

Սուրիոյ մէջ հաշտեցման ռուսական կեդրոնը, չորեքշաբթի օր յայտարարած է , որ ռուս զինուրականներ մարդասիրական   նախաձեռնութիւններ իրականացուցած են, որոնց ընթացքին սննդամթերք եւ բժշկական օգնութիւններ բաժնուած է քաղաքացիներուն:

 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. « Հոմս նահանգի Ըմ Ալ-Սըրժ գիւղին ,Հալէպ նահանգի Գուրա Ալ-Քըթըր, Իշա, Տէր Ժամալ գիւղերուն եւ Սուայտաաի ժողովուրդին ընդհանուր 14 թոն սննդամթերքի կողովներ բաժնուած են»: Կեդրոնը աւելցուցած է, որ «Նպատակ ունենալով Սուրիոյ ներքին տեղահանուածները իրենց տուները վերադարձնել, համակարգման եւ կառավարման յանձնաժողովը Հալէպի հողերու յանձնախումբին հետ համատեղ կը ստուգեն կալուածներու սեփականութեան փաստաթուղթերը՝ շրջանի տեղական բնակչութեան: Այս ծիրէն ներս, աշխատանքի սկիզբէն ի վեր ստուգուած է 149 տուն՝ 36 գիւղերու մէջ»:

 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ վերակառուցուած է Քունայթիրա նահանգի Ռաըս Ալ-Նուրիյէ գիւղի դպրոցը, որ 260 աշակերտ կը պարփակէ եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ եւս կը շարունակուին:

 

Տեղին է նշել նաեւ, որ Ազգային հաշտեցման յանձնաժողովին հետ համատեղ աշխատանքներ եւս կը շարունակուին լարուածութեան թուլացման շրջաններուն մէջ, իրավիճակը բնականոն դարձնելու եւ աւերուած ենթակառուցուածքներն ու ընկերային նշանակութիւնը ունեցող դիրքերը վերականգնելու պայմաններ ստեղծել: