Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի իր նստավայրէն ներս հանդիպում ունեցած է ռուսական պատուիրակութեան մը հետ, որուն մաս կազմած են ռուս տնտեսագէտներ եւ շարք մը ռուսական հսկայ ըներութիւններու ղեկավարներ: Այս մասին կը յայտնէ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահականի ֆէյսպուքեան էջը, նշելով, որ պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Ռուսաստանի Ուժանիւթի փոխ-նախարար Քիրիլ Մոլուտցով:
Հանդիպման ընթացքին շեշտուած, որ Սուրիոյ բանակի յաղթանակները, որոնք իրականացան բարեկամ երկիրներու՝ գլխաւորաբար Ռուսիոյ օգնութեամբ, ճանապարհ բացին տնտեսութեան անիւի վերապտտման եւ վերակառուցման աշխատանքներ սկսելուն: Յայտարարուած է նաեւ, որ Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն մաս պիտի կազմեն այն երկիրները, որոնք Սուրիոյ կողքին մնացին՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարն մէջ: