Ռուս-սուրիական համագործակցութեան ծիրին մէջ, ընթացիկ ամսուան վերջերը Դամասկոսի մէջ պիտի բացուի ռուսերէնի ուսուցանման առաջին գիշերօթիկ դպրոցը, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն նախագահ Ասատ անձամբ կը հսկէ:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, նշուած դպրոցը անցնող 100 տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ բացուող առաջին ռուսական դպրոցը պիտի ըլլայ, որուն բացման, ամենայն հաւանականութեամբ, ներկայ պիտի ըլլան Սուրիոյ նախագահն ու վարչապետը:
Դպրոցի ուսումնական ծրագիրը ռուսական է, թարգմանուած` արաբերէնի:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, վերջին տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ աճած է ռուսերէնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը Ռուսիոյ հանալսարաններէն ստանալ ցանկացող ուսանողներու թիւը: Ներկայիս Սուրիոյ մէջ 12 հազար անձ ռուսերէնի դասընթացքներու կը հետեւի: