Ռուսաստանի փոխվարչապետ Արկատի Տվորկովիչ լրագրողներու հետ զրոյցին խօսած է ռուսական ցորենի Թուրքիա արտահանման շուրջ ստեղծուած խոչընդոտներու մասին:
Ըստ թրքական «Posta» լրատուամիջոցին` ռուս պաշտօնեան պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Ռուսաստանը ստիպուած կ'ըլլայ Թուրքիայէն արտահանուող ապրանքներու հարցով նույնպէս սահմանափակումներ մտցնել, ինչպէս ըրած էր Թուրքիան ռուսական ցորենի հարցով, նշած է. «Եթէ անոնք մեր ապրանքներու հարցով շարունակեն սահմանափակումներ կիրառել, ապա մենք եւս հնարաւոր է նոյն կերպ վարուինք, բայց յոյսով եմ այս իրավիճակին կը յաղթէ ողջամտութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ 15 մարտէն Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Ռուսաստանը հանուած էր այն երկիրներու ցանկէն, որոնք Թուրքի ցորեն կը մատակարարեն առանց հարկի:
Նշենք, որ Թուրքիան 2-րդ ամենամեծ շուկան եղած է ռուսական ցորենի արտահանման համար: