image

Ռուս-ամերիկեան «սկզբունքային» հրադադար Սուրիոյ մէջ

Ռուս-ամերիկեան «սկզբունքային» հրադադար Սուրիոյ մէջ

Ժընեւի մէջ  կայացած հանդիպումի աւարտին  ամերիկացի եւ ռուս  արտգործոց նախարարները հրադադարի մը  մասին յայտարարած են: Այս մասին   խօսած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քէրի:  Նշենք, որ «մարաթոնային»  համարուած  բանակցութիւններու աւարտին երկու նախարարներու ճիգով  եղած  հրադադարը գործի պիտի դրուի «Ալ Ատհա» տօնի առաջին օրը, յառաջիկայ երկուշաբթի առաւօտ: Քէրի համաձայնութեան  այս մասին  խօսելով ըսած է, թէ իրենց  հիմնական նպատակն է վերջ  տալ արիւնահեղութեան եւ սկիզբ դնել  «փոխ վստահութեան» փուլի մը: Ըստ  համաձայնութեան,  Սուրիոյ տարբեր շրջաններ մարդասիրական  օժանդակութիւններ պիտի  տարուին,  ինչպէս նաեւ  Գասթէլո շրջանը պիտի յայտարարուի «զէնքէ  զուրկ  գօտի»:  Քէրի նաեւ ըսած է, որ եթէ հրադադարը  յաջողութիւն գտնէ, իրենք   ճիգեր  պիտի գործադրեն՝ երկրորդ  քաղաքական փուլի մը  նախաձեռնելու:  Համաձայնութիւնը  առիթ  պիտի  դառնայ  ընդդիմադիր զինեալներուն,  որպէսզի վերջնականապէս հեռանան  ռատիքալիստ   եւ ծայրայեղական     համարուած խմբաւորումներէն: Նշենք, որ համաձայնութեան կիրառման հիմնական շրջան յայտարարուած է Հալէպ քաղաքը: