image

RT եւ Sputnik քարոզչական գործունէութի՞ւն ծաւալեցին ընդդէմ Մաքրոնի

RT եւ Sputnik  քարոզչական գործունէութի՞ւն ծաւալեցին ընդդէմ Մաքրոնի

Ընդառաջելով Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հրաւէրին՝ Ռուսաստանի նախագահ Փութին Փարիզ եկած էր: Ան, Մայիս 29-ին ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին կողմէ հիւրասիրուեցաւ Վերսայլի պալատին մէջ: 
Այս բացառիկ վայրը ընտրուած էր, որովհետեւ Ռուսաց ցար Մեծն Պետրոսի Ֆրանսա առաջին այցելութեան 300-ամեակին կը զուգադիպէր թուականը, նաեւ այդ առիթով ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր պալատին մէջ: 
Երկու նախագահները գլուխ-գլխի հանդիպումէն ետք՝ տուին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը: Յատկապէս խօսեցան երկու երկիրներու միջեւ —սկսելով գիտական, գրական եւ գեղարուեստական բնագաւառներէն— գործակցութեան թափ տալու իրենց կամքին, Ուքրաինայի եւ Սուրիոյ տագնապներու լուծման, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ միասնաբար պայքարելու անհրաժեշտութեան մասին: Յայտարարեցին, թէ իրենց բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ՝ սկզբունքներու շուրջ համաձայն են: Փութին ընդգծեց Սուրիոյ մէջ պետական իշխանութիւնը պահպանելու հրամայականը, Մաքրոն Ուքրաինայի տագնապի լուծման համար առաջարկեց քառակողմ՝ Ռուսաստանի, Ուքրաինայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մասնակցութեամբ բանակցութիւններ: Մաքրոն նաեւ յայտարարեց, թէ Ֆրանսա մօտէն պիտի հետեւի Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու գործածութեան պարագաներուն եւ իւրաքանչիւր անգամ պիտի հակադարձէ: Ան նշեց նաեւ թէ հետամուտ պիտի ըլլայ Ռուսաստանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան: 
Լրագրողներու հարցումներու բաժնին մէջ, նախ ռուս, ապա ֆրանսացի լրագրողներ հարցապնդեցին Մաքրոնը՝ իր շրջանակին կողմէ Russia Today (RT) եւ Sputnik լրասփիւռներու նկատմամբ ցուցաբերուած խտրական կեցուածքին մասին: Մաքրոն, որ ըստ երեւոյթին որոշած էր այս հարցը զանց առնել ռուս նախագահին առջեւ, ի տես լրագրողներու յամառ պնդումին՝ որոշ դառնութեամբ եւ զայրոյթով յայտարարեց, թէ լրագրող մը նախ եւ առաջ պէտք է ըլլայ լրագրող՝ որպէս այդ վերաբերման արժանանալու համար, շարունակելով՝ “RT եւ Sputnik ոչ թէ լրագրական գործունէութիւն ծաւալեցին, այլ իմ դէմ քարոզչութեան, ազդեցութեան գործիքներու վերածուեցան Ֆրանսայի նախընտրական շրջանին, հրապարակելով իմ հասցէին սուտ եւ յերիւրածոյ լուրեր, կատարելով ապատեղեկատւութիւն”։ Փութին չհակազդեց այս խօսքերուն: 



Ըստ Մ. Սիմոնեանի՝ Մաքրոն կը ստէ

Russia Today-ի խմբագրապետուհի Մարկարիթա Սիմոնեան հակազդելով նախագահ Մաքրոնի այս պնդումներուն՝ Թուիթըրի վրայ յայտարարած է. «Շամփանեի բաժակս կը բարձրացնեմ ի պատիւ նախագահ Մաքրոնի եւ կը մաղթեմ, որ դադրի ստելէ RT-ի եւ Sputnik-ի մասին»: Այլ թուիթի մը մէջ Սիմոնեան գրած է. «Հետեւելով Էմանիւէլ Մաքրոնի տրամաբանութեան՝ տիրապետող հոսանքի բոլոր լրասփիւռները պէտք է վտարուին Ռուսաստանէն»: Իսկ իր վերջին թուիթին մէջ RT-ի խմբագրապետուհին Ֆրանսայի նախագահը ամբաստանած է «աժան կատակերգութիւն» խաղալով:

 

«Նոր Յառաջ»