image

Ֆրանսացի զօրավարներէն սպառնալիք՝ Մաքրոնին. պատճառը Ֆրանսայի արագ իսլամացումն է

Ֆրանսացի զօրավարներէն սպառնալիք՝ Մաքրոնին. պատճառը Ֆրանսայի արագ իսլամացումն է

Տասնեակ պաշտօնաթող ֆրանսացի սպաներ, այդ շարքին՝ երկու տասնեակ զօրավարներ, բաց նամակ գրած են նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Նամակին մէջ անոնք երկրի ղեկավարը նախազգուշացուցած են երկրին մէջ իսլամիզմի աճի մասին, որու պատճառով այն կը  գտնուէր քաղաքացիական պատերազմի շեմին: Ընդ որում, պաշտօնաթող զինուորականները սպառնացած են, որ անգործութեան պարագային իշխանութիւնը իրենց ձեռքը կը վերցնեն, կը հաղորդէ «ՄԿ»-ն:

Նամակը ստորագրած է ընդհանուր 20 պաշտօնաթող զօրավար եւ տարբեր աստիճանի աւելի քան հազար սպայ, որոնք ծառայած են բանակի, ոստիկանութեան եւ քաղաքապահ ոստիկանութեան (ժանտարմերիա) մէջ:

Գլխաւոր ստորագրող դարձած է 80-ամեայ զօրավար եւ Արտասահմանեան լեգէոնի նախկին հրամանատար Քրիսթիան Պիքեմալը: Ան զրկուած էր իր արտօնութիւններէն 2016-ին հակագաղթողներու ցոյցի ժամանակ ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք:

«Ֆրանսային վտանգ կը սպառնայ: Երկրին կը սպառնայ մի քանի մահացու վտանգ: Անգամ պաշտօնաթող վիճակի մէջ մենք Ֆրանսայի զինուորներն կը մնանք եւ ներկայ պայմաններուն մէջ չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր հիասքանչ երկրի ճակատագրի նկատմամբ»,- ըսուած է նամակին մէջ:

Պաշտօնաթող սպաները նաեւ նշած են, որ Ֆրանսան փլուզման եզրին է, քանի որ անոր տարածքին անկլաւներ կը ստեղծուին, ուր հանրապետութեան օրէնքները չեն գործեր:

Մաքրոնին յիշեցուցած են նաեւ, որ ան «դեղին բաճկոնաւորներ»ու ցոյցերու ժամանակ իրաւապահներուն «քաւութեան նոխազ» դարձուց: Բացի այդ, զինուորականները ակնարկած են, որ լայն աջակցութիւն ունին ներկայիս Ֆրանսայի անվտանգութեան ուժերու շրջանակներէն:

Ի պաշտպանութիւն նամակի հեղինակներուն արդէն հանդէս եկած է Պահպանողական կուսակցութեան «Ազգային ճակատ» կուսակցութեան ղեկավարը: Ան հաղորդագրութիւն գրած է՝ կոչ ընելով պաշտօնաթող զինուորականներուն միանալու «Ֆրանսայի համար պայքարին»: