image
Հրատապ լուրեր:

Ռակէպ Զարաքոլուի դԷմ բերման հրամանագիր. Անգարան դիմած է ինթըրփոլին

Ռակէպ Զարաքոլուի դԷմ բերման հրամանագիր. Անգարան դիմած է ինթըրփոլին

Հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ իր հայանպաստ կեցուածքներով յայտնի թուրք մտաւորական Ռակէպ Զարաքոլուի դէմ բերման հրամանագիր հրապարակուած է։ Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ «Ակօս»ը նշելով նաեւ, որ հրամանագիրը հրապարակուած է Իսթանպուլի երրորդ դատական ատեանին կողմէ։

Նշենք, որ բերման հրամագրի հարցով Անգարայի իշխանութիւնները դիմած են Ինթըրփոլին, պահանջելով Թուրքիա արտայանձնել Շուէտ գտնուող հայասէր մտաւորականը։

Կը նշուի նաեւ, որ բերման հրամանագիրը կապ ունի 2011 թուականին Զարաքոլուի դէմ բացուած դատական թղթածրարին հետ, որուն հիմամբ ալ Զարաքոլուն բանտարկուած ու ապա ազատ արձակուած էր։

Անգարայի կողմէ եղած միջամտութիւններէն ետք Զարաքոլույի թղթածրարով  զբաղուող դատարանները չեղեալ համարուած էին եւ ահա այսօր անոր դեմ բերման հրմանագիր ստորագրուած է։

Նշենք, որ 2010 թուականին անոր դեմ ընթացք առած դատական հետապնդումները կապ ունին Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ տարբե քաղաքներուն մէջ մարդկային իրաւանց թեմաներով վերջինիս կարդացած  դասախօսութիւններուն  հետ։

Յիշեցնենք, որ Զարաքոլու կնոջ՝ Այշէ Նուրին հետ կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան թեման Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ բարձրաձայնած թուրք  մտաւորակններէն մին։

Ան նաեւ հիմնադիրն է «Պէլկէ» հրատարակչատան, որ նոյնպէս մեծ աւանդ բերած է հայկական հարցի մասին գիտական ուսումնասիրութիւններու(թրքերէն լեզուով) հրատարակման տեսակէտէն։