image
Հրատապ լուրեր:

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս ' «Պոլսոյ Մէջ Տիրող Մթնոլորտին Առընթեր Մենք Դիմեցինք Տեղի Ոստիկանապետին Եւ Կուսակալին»

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս ' «Պոլսոյ Մէջ Տիրող Մթնոլորտին Առընթեր Մենք Դիմեցինք  Տեղի  Ոստիկանապետին   Եւ Կուսակալին»

Թուրքիա-  Պոլսահայ լրագրող  Ռաֆֆի Հերմոն  Արաքսի   կարծիքով    Թուրքիոյ մէջ  պատահած  դէպքերուն  գլխաւոր պատասխանատուն    երկրի   իշխանութիւններն են:    Ան  «Արեւելք»ին խօսելով  եւ   իրավիճակը   Ֆութպոլի խաղի  մը  նմանցնելով   ըսաւ «Եթէ  համառոտ կերպով իրավիճակը    ներկայացնեմ պէտք է ըսեմ,  որ      Էրտողան    ամէն գնով կը փորձէ խաղին   օրէնքները  փոխել եւ   նոյնիսկ խաղը կէս ձգելով   նոր խաղեր սկսիլ»:    Լրագրողը  խոր մտահոգութիւն յայտնեց   Պոլսոյ մէջ     արձանագրուող ընդհանուր    իրավիճակին առընթեր  ըսելով նաեւ , թէ ինք լաւատես չէ     յառաջիկայ օրերուն  Թուրքիոյ մէջ   տեղի  ունենալիք հաւանական    ծանր   զարգացումներուն առընթեր: Ան նաեւ յայտնեց, որ     CHP  (Հանրապետական) կուսակցութեան կողմէ    վերջին ընտրութիւններուն  երեսփոխան դարձած Սէլին Տողան  եւ HDP կուսակցութեան ցանկերէն ընտրուած՝ Կարօ Փայլան  ինչպէս նաեւ ինք  եւ  այլ  անձնաւորութիւններ  վերջին      օրերուն գրանցուած  լարուածութեան առնչութեամբ  դիմած են Պոլսոյ կուսակալին եւ յայտնած  իրենց մտահոգութիւնը: «Կրնայ  ըլլալ, որ մեր միջամտութիւնը  բան չփոխէ իրավիճակէն   բայց եւ այնպէս  կարեւոր էր          Պոլսոյ ոստիկանապետին եւ  կուսակալին  յայտնել      ընդհանուր իրավիճակին մասին որպէզի   յետագային  կարգ մը դէպքեր  կատարուելու  պարագային   չըսուի, որ  Թուրքիոյ  իշխանութիւնները  տեղեակ չէին    հայերուն դէմ եղած     սպառնալից  յայտարարութիւններէն»: Ան նաեւ     կարեւորեց   CHP   կուսակցութեան   առաջնորդ   Քէմալ Քլըճտարողլուի   (  CHP-ն    իշխող AKP- էն ետք երկրի գլխաւոր քաղաքական  ուժն է. Խմբ.՝ «Արեւելք»)  տարած  ճիգերը  կուսակցութիւնը   ծայրայեղ ազգայանմոլ տարրերէ  մաքրելու  առումով: Լրագրողը  նաեւ թուեց այն  քաղաքական   գործիչներուն անունները , որոնք դրական  վերաբերմունք ունին   հայերու հանդէպ եւ պատրաստ են  գործակցութեան եզրեր գտնել:  Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս , թէեւ   իր      յոռետեսութիւնը յայտնեց տիրող  կացութեան  առընթեր   սակայն ըսաւ, որ  «այսօր քաղաքական դաշտի  բոլոր իրաւասութիւնները  կը գտնուին     Էրտողանի   ձեռքերուն  մէջ բայց եւ այնպէս   այս իրավիճակը կրնայ մէկ օրուան մէջ փոխուիլ»:   Լրագրողը խօսլով սփիւռքահայութեան    Պոլսոյ եւ Պոլսահայոց   մասին  ունեցած  վերաբերմունքին մասին նկատել տուաւ, որ    մօտիկ անցեալին սփիւռքի մէջ     Պոլսահայութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցած  է  բաւական   հիւնդագին մօտեցում յոյս յայտնելով, որ  առկայ  կարծրատիպերը կը  կոտրուին: Ան այս առումով ըսաւ՝ « Հայութիւնը  ընդհանրապէս չի ճանչնար մեզ (ի նկատի  Պոլսահայութիւնը- Խմբ.՝«Արեւելք»)  եւ  բան մը  սիրելու համար նախ եւ առաջ     պէտք է ճանչնաս»: Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս նաեւ յոյս յայտնեց, որ վերջին տարիներուն  սկիզբ առած Պոլիս- Հայաստան Սփիւռք կապերը աւելիով կը  բարելաւուին: