Հասարակարգային նոր ձեւը՝ կայուն համայնքը
Վաղուայ աշխարհի քաղաքները պիտի ըլլան հասարակութիւններու անվտանգութեան տեսակէտէ ամէնէն անբարենպաստ օրինակները:
Բոլոր ժամանակաշրջաններուն, համաղէտներն ու համաճարակները զգալի ազդեցութիւն ունեցած են բնակավայրերու հիմնադրման, տրորման, կեանքի ու տնտեսութիւններու կազմակերպման առումով: Այս պայմաններուն, քաղաքային համայնքները, որպէս մեծ քաղաքներ (մեկապոլիսներ), անհեռանկար են, որովհետեւ գերբնակեցուած եւ դժուար վերահսկելի են: Ասկէ կը սկսին քաղաքներու նոսրացման, երկիրներու տարաբնակեցման գործընթացները, եւ մինչ քաղաքները կ'աղքատանան, գիւղերը, պարենային ինքնաբաւութեան համակարգով կա՛մ կ'ամայանան եւ կա՛մ կը վերածուին կայուն զարգացող եւ ինքնաբաւ համայնքներու:
Կայուն համայնքներ․ այստեղ է, որ կ'իրականացուի կեանքի մեծ փոփոխութիւնը: Մեր առաքելութիւնը այստեղ ալ կը սկսի, եւ ինչպէս միջին դարերու համաճարակները ստիպեցին գերբնակեցուած բնակավայրերը օժտուիլ ջուրի եւ կոյուղիի ցանցերով, այդպէս նաեւ մենք պարտաւոր ենք կերպարանափոխել մեր բնակավայրերը: Հետեւաբար, բնականաբար պիտի կերպարանափոխուի մեր կեանքն ու կենցաղը եւ համայնքային յարաբերութիւնները:
Կայուն համայնքը միեւնոյն ժամանակ հասարակարգ է, կեանքի կազմակերպման ձեւ եւ բնակելի տարածութիւն:
Որպէս կեանքի կազմակերպման ձեւ, ճարտարապետական նոր լուծումները, ձեւաւորումի (design) գերազանցութիւնը, կայուն ենթակառոյցները, միջոցներու վերամշակումն ու այլընտրանքային կենսուժի օգտագործումը, ներառական աշխատաշուկան, կայուն համայնքի ցուցանիշներն են:
Բազմաբնակարան շէնքերուն եւ անոնց շուրջ կազմակերպուած փողոցներուն կանաչ տարածքները պիտի գերակայեն՝ առիթ չտալով միախառնուած խանութներու եւ հասարակական տարածքներու սփռման, փոխարէնը առեւտուրը պիտի կազմակերպուի նաեւ համացանցային ծառայութիւններու միջոցով: Փակ ճաշարաններու ու սրճարաններու փոխարէն՝ բնակելի շէնքերու եւ աշխատանքի կեդրոններուն մօտ ընկերային կեանքը պիտի կազմակերպուի բացօթեայ, կանաչ ու ընդարձակ տարածքներու ու ձմեռնային այգիներու մէջ:
Անհատներուն առօրեայ կեանքը հնարաւորինս անվտանգ դարձնելու համար՝ արհեստական բանականութեան եւ համացանցի միջոցով պիտի ստեղծուին պայմաններ, բոլորովին կերպարանափոխելու համար աշխատանքային տարածքը: Մարդիկ պիտի հանդիպին գրասենեակները կամ առցանց, սակայն պիտի աշխատին նաեւ իրենց բնակարաններէն, որոնք կրնան ըլլալ գրասենեակներէն շատ հեռու, սակայն կրնան ըլլալ նաեւ թափառող:
Աշխատանքային արհեստագիտական միջոցները ո՛չ միայն IT ոլորտէն, այլ նաեւ արդիւնաբերութեան, երկրագործութեան եւ կայուն տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներէն ներս, պիտի կապուին համաշխարհային ցանցին, ագուցուելով տեղեկատուական դաշտի անընդհատ մեծցող եւ շարունակաբար հետազօտուող big data շերտերուն:
Կայուն համայնքին մէջ պիտի կերպարանափոխուին ընկերային կեանքի բոլոր դրսեւորումները՝ կրթութենէն մինչեւ առողջապահութիւն:
Սակայն, վերջ ի վերջոյ, կայուն համայնքի սկզբունքը հիմնուած է ո՛չ միայն եւ ո՛չ այնքան տարբեր ճարտարապետական նախագծային եւ քաղաքային (ուրպանիստական) նոր լուծումներուն ու հայեցակարգերուն, այլեւ կայուն անհատի քաղաքակրթական նոր հոգեմտաւոր կառուցուածքին վրայ: Պէտք է փոխուինք մենք, մեր աշխարհայեացքը, քաղաքացիական մեր սկզբունքները, ժողովրդավարական եւ հաւասարութեան մեր մօտեցումները, անհատներու համատեղ կեանքի ամբողջ տեսլականը:
ՍԵՒԱԿ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Յօդուածի առաջին մասը տես ՝ այստեղ.