ՔՈՎԻՏ-19-Ը՝ ՄՀԵՐԻ ԴՈՒՌ (Մաս Ա.)
Գրեց ՝ Սեւակ Արծրունի
• Յետհամաճարակային աշխարհի պատկերը
• Հասարակարգի առցանց դառնալը
• Անհատը
• ՄՀԵՐԻ ԴՈՒՌԸ՝ ժամանակակից յայտնութիւն (Apocalypse)
• Պատասխանատուութեան նախապայմանը մարդկային ողբերգութեան գիտակցումն է
• Հասարակարգային նոր ձեւը՝ ԿԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ
Սեւակ Արծրունի
Երեւան, 15 Ապրիլ, 2020
Այս համավարակին կը յաջորդեն ուրիշ համավարակներ, անցնող տարիներու համաշխարհային տաքացման երեւոյթները ալ աւելիով կ՚ահագնանան, մոլորակի գերբնակեցման հետեւանքները աւելի կործանարար կը դառնան՝ ջուրի, սնունդի եւ ջերմուժի պակասը եւ սովը, բնական աղէտները, տնտեսական անկառավարելի ցնցումները կը դառնան ամէնօրեայ կեանքի սովորական երեւոյթներ:
Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, համաշխարհային ցնցումներու հետեւանքով ձեւաւորուեցաւ հայկական պետականութիւն մը, որ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին դիմակայեց դժուար իրավիճակներ: Պատերազմ, շրջափակում, սփիւռքի՝ մասնաւորապէս միջինարեւելեան հայկական համայնքներու կազմալուծում, արժեհամակարգերու փտութիւն, ազգային հարստութեան թալան եւ անհաւասար վերաբաշխում, զանգուածային արտագաղթ...:
Հայկական ճգնաժամը, սակայն, 2020 թուականի մարտ ամսուն յայտնուեցաւ Քովիտ 19-ի վարակի փոթորիկին մէջ, եւ պարտաւոր է դիմակայելու անոր յաջորդող համաշխարհային քաղաքակրթական ցնցումներն ու փլուզումները: Աշխարհի բոլոր տերութիւնները պարտաւոր են որոնելու, գտնելու եւ իրականացնելու նոր միջոցառումներ, այն պարզ պատճառով, որ ամբողջ աշխարհը, երկրագունդը հետզհետէ սահելով, պիտի յայտնուի նոր եւ անսովոր ժամանակաշրջանի մը մէջ:
Քովիտ-19 ժահրի տարածումը սահմանափակելու համար, այս պահուն աշխարհի մօտաւոր կէս բնակչութիւնը՝ աւելի քան երեք միլիառ մարդ, փակուած է տուներէն ներս: Փակուած են սահմանները, օդակայանները, կրթական եւ ձեռնարկատիրական հաստատութիւնները: Եւ այս ամէնուն հետեւանքով, փլուզման եզրին հասած են տարբեր պետութիւններ եւ միջազգային տնտեսութիւններ, աննախադէպօրէն կը մեծնան սովի ցուցանիշները: Իսկ 26 մարտին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտարարած է, որ մարդկութիւնը վտանգուած է:
Հարիւր միլիոնաւոր աշխատողներ կը զրկուին իրենց աշխատանքէն, հսկայածաւալ կազմակերպութիւններ կը յայտնուին սնանկութեան եզրին: Դրամատուներն ու սակարանային կազմակերպութիւնները կրկին շնչահեղձ կ՛ըլլան թունաւոր վարկերու կուտակումներուն տակ:
Մէկ կողմէն նորազատական համաշխարհայնացումի (Neoliberal globalization) առաջարկած տարերային միջոցառումները հեռանկար չունին, անհեռանկար կը թուին նաեւ հարուստ պետութիւններու ապահովական (Protectionist) մօտեցումները: Քաղաքական վերնախաւի նկատմամբ անվստահութիւն կը տիրէ աշխարհի գրեթէ բոլոր ազգերուն մօտ՝ մինչ կառավարման ձեւերը սպառուած կը թուին: Միւս կողմէ, ի հակադրութիւն ասոր, հանրութեան մէջ աւելի կը խորանայ արմատացած նախախնամութիւն/պետութեան հայեցակարգը: Այս հակասական, իբրեւ ինքնայայտ ճշմարտութիւն ընդունուած իրավիճակին մէջ կը բեմադրուի քաղաքակրթական առանցքի արմատական շեղում:
Վախի ու սպառնալիքի պայմաններու մէջ, գլխիվայր կը փոխուին կեանքի առօրեայ ընթացքը, ընտանիքի եւ սեփական կենցաղային ու առողջական վիճակի վերահսկման մօտեցումները, հասարակական կեանքի կառավարման համարեա բոլոր միջոցները: Ստեղծուած ընկերային հոգեբանական ցնցման պայմաններուն մէջ կը փոխուին աշխատանքի, սնուելու, բուժուելու, հանգստանալու, նոյնիսկ ամենամօտ մարդոց հետ հաղորդակցելու առօրեայ սովորոյթները: Պարտադրուող եւ անհարազատ վիճակը կ'երկարի եւ նոյնիսկ կը փոխէ մարդոց եւ հասարակութեան բնազդային մօտեցումները կեանքի հանդէպ:
Մարդկութիւնը, այո՛, այս անգամ եւս կը գտնէ վերապրելու միջոցներ, սակայն միաժամանակ երկու համաղէտներ՝ մոլորակի գերբնակեցումն ու համաշխարհային տաքացումը, որպէս լիարժէք քաղաքակրթական համակարգեր կը վերապրին միայն այն հասարակութիւնները, որոնք կը կարողանան հաստատակամ մնալ իրենց համայնքային ինքնութեան մէջ եւ միաժամանակ, կը վերահսկեն պարտադրուած փոփոխութեան համամոլորակային ալիքը:
Յետհամաճարակային աշխարհի պատկերը
Յարափոփոխ աշխարհի հասարակութեանց ինքնակամ փոփոխուելու հակուածութիւնը սկսած է տասնամեակներ առաջ՝ պայմանաւորուած համացանցի/արհեստագիտական յեղափոխութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքներով:
Այդ հակուածութիւնը կ'ահագնանայ համաճարակային աշխարհին մէջ, իսկ արմատական փոփոխութիւններու ուրուագիծերը օրէ օր կը յստականան մեր աչքին առջեւ:
Այն, որ այս ամէնը տեղի կ'ունենայ կարճ ժամանակահատուածի մէջ, որ մարդիկ կը մեռնին ամէն տեղ, որ վարակը ծայրաստիճան վարակիչ է ու հոգեբանական ու տնտեսական ակնառու հետեւանքներ կը դրոշմէ, այս բոլոր պատճառներէն ելլելով, մարդկութեան համար Քովիտ-19 համաճարակը յարմար առիթ է հասկնալու, թէ վերջապէս ո՞ւր հասած է մոլորակի վրայ մարդ արարածի գոյութեան վտանգաւոր եւ վտանգուած ըլլալու աստիճանը:
Համավարակը առաջին իսկ օրերուն քանդեց ժամանակակից առողջապահական համակարգի կառուցուածքը: Մարդակեդրոն բժշկութեան բացակայութիւնը, ախտորոշման կառուցակազմի անհամապատասխանութիւնը, բժիշկներու եւ առողջապահական համակարգի աշխատակիցներու, ինչպէս նաեւ վերականգնողական կեդրոններու եւ մահճակալներու սակաւութիւնը, համաճարակային պայմաններու եւ ընդհանրապէս արտակարգ իրավիճակի հասարակութեան կեանքի կազմակերպման թերզարգացած մօտեցումները ու մարդոց անպատասխանատուութիւնը, առողջապահական ապահովագրութեան թոյլ համակարգերը, աւելի երկար, աւելի մահաբեր եւ աւելի ցաւոտ կը դարձնեն համավարակի ընթացքը, որ հակուած է ժամանակի մէջ երկարելու, որովհետեւ մեկուսացման եւ ընկերային հեռաւորութեան միջոցաւ դանդաղող համաճարակը կրնայ որեւէ պահուն վերսկսիլ, եթէ արտակարգ իրավիճակէն ետք ախտակիր նոյնիսկ մէկ պարագայ վերայայտնուի ազատութեան մէջ։ Եւ այսպէս, մինչեւ բուժման միջոցի ստեղծումը, մինչեւ... յաջորդ վարակի յայտնութիւնը:
$ 58,500,000,000,000․ այս թիւը կը կարդացուի այսպէս, յիսունութուկէս եռիլիոն (trillion) տոլար: Ասիկա այս պահու դրութեամբ՝ միջազգային պարտքի գումարն է: Ահա այսպիսի իրավիճակի մէջ կը յայտնուի աշխարհը Քովիտ-19 համաճարակի պայմաններուն: Եթէ նախորդ տնտեսական ճգնաժամերու ժամանակ անվճարունակ ընտանիքներու պարտքերը կ'աճէին, այս անգամ, իրենք՝ դրամատուներն ու միջազգային ելեւմտական համակարգը կառավարող տնտեսութիւններն են, խրուած ծանր պարտքերու մէջ:
Մարտ ամսուն վերջաւորութեան, երբ պետութիւնները սկսան հաստատել արտակարգ դրութիւններ ու փակել օդակայանները, հիմնարկները, գործարանները, դադրեցաւ նաեւ շրջանառու նիւթական հոսքերու ընթացքը: Մինչեւ այդ պահը, արդէն հարցականի տակ էին պարտքերու շրջափուլերուն մէջ լողացող «զոմպի» հիմնարկներու վերապրելու հնարաւորութիւնները, եւ որքան որ երկարաձգուի համաճարակը, այնքան կը խորանայ համամոլորակային ճգնաժամի հաւանականութիւնը: Մինչդեռ պերճանքի, ժամանցի եւ փոխադրական ոլորտները արդէն իսկ կը դիմակայեն վնասներու հսկայ ալիքներ, խելայեղ արագութեամբ տարածուող համաճարակը հնարաւորութիւն չի տար պետութիւններուն եւ միջազգային առեւտրական կառոյցներուն, որ զբաղին տնտեսական խորացող ճգնաժամով:
Նման պայմաններուն, ամենադիւրին լուծումը, թէկուզ եւ ամենէն անհեռանկարայինը, իշխանութիւններու կողմէ նոր միջոցներու եւ․ նոր վարկերու ներարկումն է անհեռանկար ձեռնարկատիրական գործերու մէջ: Իսկ այդ միջոցառումները ո՛չ միայն անդառնալիօրէն կը բնաջնջեն պարտքերու տակ կքած հիմնարկներու փրկութեան հեռանկարները, այլ նաեւ «կը զոմպիացնեն» համաճարակի հետեւանքով արդէն իսկ տկարացած տնտեսութիւնները: Այս ամէնը, անշուշտ, կ'ունենայ շղթայական ընթացք, աղքատութեան եւ անգործութեան ձիւնահոսքի տեսքով:
Այս ալիքին մարդկութիւնը կը դժուարանայ դիմակայելու, որովհետեւ ան արդէն կքած է գերբնակեցուածութեան, պատերազմներու, համաշխարհային տաքացման, բնական համաղէտներու հետեւանքով ձեւաւորուած անտէր ու մոռցուած տարածքներու ու անոնցմէ դէպի աւելի հարուստ պետութիւններ անընդհատ հոսող գաղթականներու բեռին տակ: Այդ մոլորուած եւ մոռցուած տարածքները իրենց բանտերով, անել ու ստորին թաղամասերով, գաղթականներու ճամբարներով, անապատացած գիւղական համայնքներով կը ծնին համաճարակներ, բռնութիւն, անհաւասարութիւն:
Եւ՛ տնտեսական, եւ՛ մարդկային կեանքին հասնող վնասի աստիճանով Քովիտ-19 համաճարակը միջին վնասաբերութեան համաղէտ է: Այս պահուն վարակը խլած է մօտ 200,000 մարդու կեանք։ Որպէս համեմատութիւն նայինք վիճակագրական քանի մը տուեալներու. իւրաքանչիւր տարի ճանապարհային փոխադրական պատահարներէն աշխարհի մէջ կը մահանայ աւելի քան 1,2 միլիոն մարդ, 2019 թուականին աշխարհի մէջ քաղցկեղէն մահացած է աւելի քան 18 միլիոն մարդ, վերջին տարիներուն, ամէն տարի մօտ երեք միլիոն մարդ կը մահանայ թոքաբորբէն, իսկ պարենային, ջուրի ու համաշխարհային տաքացման ճգնաժամերը մոլորակին վրայ ամէն տարի տասնեակ միլիոնաւոր մարդու, յատկապէս՝ երեխաներու կեանք կը խլեն:
Եւ ահաւասիկ այս պատճառով Քովիտ-19 համավարակը մարդկային պատմութեան մէջ պիտի յիշուի ո՛չ թէ որպէս սպանող համաճարակ, այլ որպէս այն կաթիլը, որմէ սկսաւ աշխարհակուլ ջրհեղեղ:
Որովհետեւ հիմա արդէն մարդկային զանգուածները խաբելը թէ աշխարհի ընթացքը բնականոն կը զարգանայ, պիտի չյաջողի: Առկայ խնդիրները մեղմացնել, շպարել, թաքցնել, պիտի չյաջողի:
Համաշխարհային համաղէտներուն ընդառաջ՝ զանգուածներու զարթնող գիտակցութեան հետ, մոլորակի հարստութիւնները վարչարարող վերնախաւը պարտաւոր պիտի ըլլայ վերաձեւաւորելու համաշխարհային կարգը, նամանաւանդ՝ վերակազմակերպելու միջազգային տնտեսութիւնն ու համամարդկային քաղաքակրթութեան ընթացքը:
Այս համավարակին պիտի յաջորդեն ուրիշ համավարակներ, անցեալ տարիներու համաշխարհային տաքացման երեւոյթները երթալով պիտի ահագնանան, մոլորակի գերբնակեցման հետեւանքները երթալով աւելի կործանարար պիտի դառնան ջուրի, սնունդի եւ կենսուժի սովը, բնական աղէտները, տնտեսական անկառավարելի ցնցումները պիտի ըլլան ամենօրեայ կեանքի սովորական երեւոյթներ, իսկ մենք, այսինքն՝ անոնք, որոնք կը վերապրին համաղէտի իրարայաջորդ ալիքները, պիտի ենթարկուինք փոխուող աշխարհի անդիմադրելի ճնշումներուն: Մենք պիտի յայտնուինք փոփոխուող արժէքներու, կենցաղի, մարդկային յարաբերութիւններու, մտածողութեան եւ նոյնիսկ բնազդներու յարափոփոխ աշխարհին մէջ:
Հասարակարգի առցանց դառնալը
Իրականութեան մէջ Քովիտ-19-ը վերջին օղակն է այն շղթային, որ սկսաւ Պերլինի պատի փլուզումով, շարունակուեցաւ 11 սեպտեմբերին յաջորդող փոխանորդ (proxy) պատերազմներով եւ Լեհման եղբայրներու` տնտեսութեան պատճառած անկումով:
Ինչպէս աշխարհակուլ պատերազմները, այնպէս ալ Քովիտ-19 համաճարակին յաջորդող համաղէտը, մարդկութիւնը պիտի լծէ իր տեսակի եւ համայնքի վերապրումը ապահովող լուծումներու աշխոյժ որոնման: Ստեղծուած ծայրայեղ իրավիճակին, անհատական եւ խմբային նախաձեռնողականութիւնը անհամեմատելիօրէն պիտի աշխուժանայ, սեփական տեսակի ճակատագրի նկատմամբ անտարբերութիւնը, անգործունէութիւնն ու անհետեւողականութիւնը պիտի համարուին աւելի վնասաբեր, քան սխալելու հնարաւորութիւնը:
Բոլոր ժամանակներուն ալ, սպառնալիքի առջեւ կեցած հասարակութիւնները մեծ հաշուով կ'առաջնորդուին երեք հնարաւոր ճանապարհներով` տգիտութեան, բռնապետութեան եւ նորարարութեան:
Մեր ժամանակներուն ալ, տգիտութիւնը բացարձակ ազատութեան ու արդարութեան առասպելներու վրայ կառուցուած հայեցակարգն է, ժողովրդավարութեան տարբերակ մը: Ան կը գործէ երկու ուղղութիւններով՝ ամբոխավարութեամբ եւ խարդախութեամբ (ձեռնածութեամբ): Այս մէկը արհեստ մըն է, որուն նպատակն է զանգուածներուն շարունակաբար մատակարարել ազատութեան պատրանքը եւ անձերու միջեւ հաւասարութեան տեսիլքը: Բռնապետութիւնը կեղծ ժողովրդավարութենէ աւելի քիչ անազնիւ է, սակայն հակաբանական է, որովհետեւ վաղ թէ ուշ բռնապետները կը սկսին ընկճուած հասարակութիւններուն պարտադրել իրաւունքներու անընդունելի վերադասաւորումներ, հիմնուելով ո՛չ թէ պատրանքներու, այլ բռնի միջոցներու վրայ:
Այս երկու համակարգերու նպատակը նոյնն է` սահմանափակել անհատի ինքնուրոյնութիւնը։ Միջոցնե՛րն են տարբեր․ մէկու պարագային պատրանքներն ու վախն են, միւսին՝ բռնութիւնն ու վախը: Այսինքն, մեծ հաշուով այս երկու ճանապարհները՝ զեղծարարութեամբ բեմադրուած ժողովրդավարութիւնն ու բռնապետական ամբողջատիրութիւնը կը սնանին նոյն՝ անհատի ու ամբոխներու վախէն եւ իրարու նման են:
Երրորդ ճանապարհը նորարարական քաղաքակրթութիւններու ճանապարհն է, ուրկէ ալ կրնայ ծագիլ Երկիր մոլորակի գոյապահպանութեան, կայուն զարգացման, ընկերաբնապահպանական քաղաքակրթութեան շարժումը: Այս մէկը, ի տարբերութիւն նախորդ երկուքին, կրնայ ըլլալ ո՛չ բռնապետական, ո՛չ յեղափոխական, ո՛չ ամբոխավարական, այլ բնապահպանական, ընկերային, եթէ, նորարար ուղղութիւնները միաժամանակ ըլլան ե՛ւ բարոյական (ethical) ե՛ւ գործնական: Այս մասին՝ յետոյ:
Քովիտ-19-ի հետեւանքով ձեւաւորուող հոգեբանական ծանր մթնոլորտին մէջ, պետութիւնները կը դիմեն արհեստագիտական վերահսկողութեան միջոցառումներու: Հիմնուելով արտակարգ իրավիճակի օրէնսդրական գործիքներուն վրայ, այնպէս ինչպէս կը կատարուի պատերազմներու ժամանակ, արհեստագիտական նորարարութիւնները գործի կը դրուին՝ առանց բարոյական նորմերու սահմանափակումներուն:
Քսաներորդ դարու սկիզբը, հասարակութեան մէջ մասնաւոր կեանքի անձեռնմխելիութեան համար տարուող պայքարը դիմակայեց ահաբեկչական միջոցառումներուն, սակայն Քովիտ-19-ի համավարակի հետ պայքարը մեր աչքի առջեւ փլուզուեցաւ: Մարդիկ իրար յաջորդող ու կրկնուող համաղէտներու ընթացքին եւ տեղեկատուական դաշտի արհեստական ներգործութեան շնորհիւ, վարպետօրէն ձեւաւորուող հաւաքական վախի մթնոլորտին մէջ, հետզհետէ ինքնակամ կը զիջին մասնաւոր կեանքի անձեռնմխելիութեան ցանկութիւնը: Մարդկային հասարակութիւնները վերահսկող արհեստագիտական միջոցները ժամ առ ժամ կը զարգանան, ժամ առ ժամ կը կատարելագործուին անոնց հնարաւորութիւնները, հասանելիութիւնը, ճշգրտութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը:
Նախկին իրաւակեդրոն համակարգերը հիմա կը փոխարինուին թուային վերահսկողութեան համակարգերով, որոնք ա՛լ աւելի ամբողջատիրական են, ա՛լ աւելի կը սահմանափակեն անհատին ազատութիւնը եւ կը մեծցնեն ընկերային անհաւասարութիւնը: Իսկ բարձր արհեստագիտական հաստատութիւնները օրէ օր կը հզօրանան, որովհետեւ հիմա, երբ մարդիկ փակուած են իրենց տուները, անոնց դէպի աշխարհ պատուհանը խելախօս հեռաձայններէն՝ համացանցով կը հասնի: Թուային, առցանց տեղեկատուութիւնը, համացանցային պայքարները, համացանցային մշակոյթն ու աշխարհընկալումը կը ձեւաւորեն մարդոց ո՛չ միայն ճաշակը, այլ նաեւ, մանաւանդ անոնց բնազդով պայմանաւորուած ցանկութիւնները: Իսկ մարդկային բնազդին մէջ, ինչպէս գիտենք, կը գերիշխեն սէրն ու վախը:
Ինքնութիւն ճշդող տեսախցիկներէն, մինչեւ մարդոց տեղաշարժը սահմանափակող անօդաչու թռչող սարքերը, արհեստագիտական վերահսկողութիւնը քաղաքակրթական նոր թռիչք կ'ապրի, եւ յանուն անվտանգութեան հանրութիւնները վերահսկող արդիական պետութիւններու համար ժողովրդավարութիւնը կը վերածուի կատարեալ կեղծիքի: Ինչքան անվերահսկելի դառնայ մոլորակի գերբնակեցումը, ինչքան մեծնան համաղէտներու տարողութիւնն ու անոնց ստեղծած վախի համախտանիշը, այդքան կը պարպուի ժողովրդավարութիւնը իր բովանդակութենէն, եւ նոյնքան կը մեծնայ ուժի կեդրոններու համար համացանցային ամբոխավարութեան արհեստագիտութեան օգտագործման ու կատարելագործման հակուածութիւնը:
Գերբնակեցուած աշխարհին մէջ փոխուած է նաեւ միլիառաւոր մարդոց հոգեմտային կառուցուածքը: Հանրութիւնը կազմող մարդկային միաւորները, որոնք ժամանակին մտածողութիւն եւ կենսագրութիւն կը պարունակէին, հիմա վերածուած են թուային տուեալներու, եւ կը հետազօտուին վիճակագրական վերլուծութիւններով, որմէ ալ կ'որոշուի տուեալ անհատի կամ մարդոց խումբի վերահսկելիութեան աստիճանը:
Իշխանութիւններու կողմէ նախապէս օգտագործուող ոստիկանական եւ հարկահաւաքման միջոցները այսօր ժամանակավրէպ կը դառնան այն հասարակութիւններուն մօտ, որոնց հաւաքական համոզումը վախի միատարր առկայութիւնն է: Նման հասարակութիւններու մէջ կ'իշխէ վախը, անտրամաբանական սարսափի համախտանիշը եւ որմէ կը ծնի նոր համընդհանուր աշխարհի քաղաքացին՝ կամազուրկ անհատի թուային պատկերը:
Համավարակի օրերուն մենք վկայ դարձած ենք այն իրողութեան, ըստ որու համաճարակի զսպման գործընթացին, Արեւելեան գերկեդրոնացած պետական վարչակարգերը աւելի մեծ յաջողութեամբ են ունակ զսպելու ժահրի տարածումը, քան արեւմտեան ազատական հասարակութիւնները: Ամբողջատիրական պետութիւնները աւելի դիւրին կը կազմակերպուին եւ կը զօրաշարժուին վերահաս վտանգի դիմաց: Ասով կ'ապացուցուի, որ համաճարակներու եւ երկարատեւ համաղէտներու պայմաններուն, թեխնիկակալական (technocratic) բռնապետական կեդրոնացած քաղաքական վարչակարգերը եւ ընկճուած կեանքի վարժ հասարակութիւնները աւելի ճկուն համակարգեր են՝ դիմակայելու համար երկարատեւ ճգնաժամերը: Կը տեսնենք նաեւ, որ ազատութեան մշակոյթով ապրող հասարակութիւնները աւելի անպատրաստ եւ ծանրաշարժ կը դիմագրաւեն վարակը:
Պարենային անվտանգութեան տեսակէտէն՝ նորազատական (Neoliberal), ներմուծող պետութիւնները յայտնուած են միջազգային շուկաներէն մեկուսացուած վիճակի մէջ: Այս փաստը արմատական հետեւանքներ կ'ունենայ ազգային տնտեսութիւններու, նամանաւանդ՝ դեղամիջոցներու, կենսուժի աղբիւրներու եւ սնունդի արդիւնաբերութեան ոլորտներէն ներս, որովհետեւ պետութիւնները ջանք չեն խնայեր ինքնաբաւ դառնալու համար:
Այսպիսով՝ ի՞նչ տեղի կ'ունենայ։ Մէկ կողմէն ունինք զսպման կեդրոնացուած սեղմող օղակներ, ինքնաբաւ համակարգեր ու թափանցիկ հեռակարավարուող եւ կեդրոնի օժանդակութենէն անօգնական կերպով կախուած մարդկային զանգուածներ, իսկ միւս կողմէ՝ այն իրողութիւնը, որ ոչինչ կրնայ ընդհատել միջազգային շուկաներու եւ համացանցի զարգացման ընթացքը: Որպէս արդիւնք՝ պետութիւնները կը դառնան աւելի աւանդապաշտ եւ ապահովական (Protectionist), սակայն միեւնոյն ատեն՝ աւելի բաց, աւելի պատրաստակամ համաշխարհային զարգացման գործընթացներուն: Եւ այս մէկը վճռականօրէն կը փոխէ դարերէ եկող աշխարհաքաղաքացիութեան (Cosmopolitanism) եւ համաշխարհայնացումի հակազգային նկարագիրը: Մարդկութեան համատեղ եւ միատարր զարգացման նոր ձեւը կը հիմնուի առաջին հայեացքով իրարամերժ, սակայն մեր համոզումով, համատեղելի աւանդապաշտ կեդրոնամէտ հասարակութիւններու եւ համաշխարհային նորարարական հոսանքներուն յարմարող հասարակութիւններուն վրայ:
Այս իրավիճակին մէջ, յաջողութեան կը հասնին այն պետութիւնները, որոնք կը հիմնեն կեդրոնացած, ճկուն գործող կառավարման մարմիններ՝ միաժամանակ բացուելով յարափոփոխ աշխարհին առջեւ:
Անհատի առցանդ դառնալը
Այսպիսով՝ հաւաքականութիւններու միատարրութիւնը այս անգամ անհատներու փոխարէն պիտի կառուցուի թուային (ելեկտրոնիկ) տուեալներու վրայ:
Նախապէս մարդը մասնաւոր բանականութեան եւ ազատ կամքի անուան տակ կ'ինքնակառուցուէր սեփական կարծիքի եւ համոզումներու հարթակին վրայ: Ան սեփական տեսակէտ ունեցող էակ էր, որու առաւելագոյն եւ ամենաբարձր աստիճանը կը համարուէր մտաւորականը եւ ազատ կամքի ու մտածողութեան անձեռնմխելի իրաւունքը, սակայն 20-րդ դարուն, ժողովրդավարական ձեւի սայթաքումը անհատը դարձուց քուէ եւ վերահսկելի կարծիք` այդպիսով վերջ դնելով ազատ կամքի մշակոյթին:
21-րդ դարու սկիզբը, հանրապետութիւններն ու անոնց հասարակութեան կեանքի նկատմամբ պատասխանատուութիւն կրող քաղաքացիի տեսակը արդէն չկան․ անոնք զոհ գացած են նորազատական աշխարհին եւ անոր հիմնադրած զօրութենական (virtual) վախի համակարգին: Տիպար-քաղաքացիի միջին դասակարգը վերափոխուած էր սպառողականութեան տենդի եւ ընտրութիւններուն ընթացքին յանուն տնտեսական աճի քուէարկող լարուած դասակարգի մը: Մարդկային զանգուածներու բանականութիւնը քնախտի (hypnosis) ենթարկուած էր վիճակագրական ցուցանիշներով: Մարդոց կենցաղային տրամադրութիւնները, համաշխարհային տնտեսութիւնը, շուկաներու տրամադրութիւնները եւ ամբողջ մոլորակի հոգեբանութիւնը կը կառավարուէին մաքրոտնտեսական ցուցանիշներով, որոնք ալ իրենց հերթին հեռահար կը կառավարուէին վարձու տնտեսագէտներու կողմէ՝ օգտուելով փոփոխելիներուն խարդախութենէն :
Մարդածին ցնցումներու քաղաքակրթութեան ժամանակաշրջանին վերը նկարագրուած իրողութիւնները ալ աւելի կը սրուին: Հասարակութիւնները կը վերածուին վիճակագրական խորհրդանշաններէ կազմուած եզրակացութիւններու, անհատները՝ թուային տուեալներու, հասարակական կեանքի ձեւերը, կերպարները՝ բարդ (logarithm)ներէ ձեւաւորուած անընթեռնելի ծածկագիրներու:
Այս համակարգին մէջ ազատ մտածողութիւնը իրաւականօրէն դատապարտելի յանցագործութիւն է, այլակարծութիւնն ու մասնաւոր կարծիքի արտայայտումը՝ դաւադրութիւն:
Նման պայմաններուն՝ համաղէտի թակարդին մէջ յայտնուած մարդ արարածին կը տրուի երկու ճանապարհ՝ մեկուսացած ապրիլ վախի ու դրժուածութեան մէջ, կամ հետեւիլ ցանցային տուեալներէն ձեւաւորուած ու անընդհատ փոփոխակի վիճակագրական բանաձեւերէն յառաջացած, անստուգելի (logarithm)ային եզրակացութիւններուն: Իսկ այդ (logarithm)ներու թուային եզրակացութիւնները կը պարտադրուին ո՛չ թէ յանուն վիճակագրութեան, այլ հիմա արդէն՝ յանուն գիտութեան:
Անյիշելի ժամանակներէն ի վեր մարդկային եւ հասարակական վախերը սպասարկած են կրօնական բարոյախօսութիւնները: Սակայն Քովիտ-19-ի համաճարակի օրերուն կը տեսնենք, որ կրօնական հաստատութիւնները ո՛չ միայն կը զրկուին քարոզի իրենց աւանդական միջոցներէն, այլ նոյնիսկ կը մատնանշուին որպէս ժահրի աւելի լայն տարածելու պատճառներ: Համաղէտի հաւաքական վախի պայմաններուն գիտութիւնը կը փոխարինէ ո՛չ միայն կտակարաններուն, այլ նաեւ նախկին ամենակարող վիճակագրական բանաձեւերուն եւ օրէնսգիրքերուն:
Իսկ ստեղծուած համաղէտալի պայմաններուն գիտութիւնը կ'առաջարկէ փրկութեան համաշխարհային ծրագիր, որու առաջին նախապայմանն է սեփական տեղեկատուութեան հրապարակայնացումը: Իւրաքանչիւր անհատէ կը պահանջուի դառնալ թուային իրականութեան համացանցային թափանցիկ տուեալ՝ data: Արդիւնքը՝ մարդկութիւնը որպէս համամարդկային քաղաքակրթութիւն, միատարր կը դառնայ համացանցային տարածութեան մէջ: Համակարգային գիտակցութիւնը կը փոխարինէ արդէն հին միակարծութիւնը: Վախի գերիշխանութիւնը կը տեղափոխուի բանական գիտակցականէն դէպի բնազդային մտածողութեան դաշտ, ուր միտքերը կ'արտայայտուին համացանցի թուային արագութեան մէջ եւ ենթակայ են գիտական համակարծութեան անքննելի գերիշխանութեանը:
Մինչդեռ գիտութիւնը աշխարհափրկող պայքարը սնուցող նոր կրօնն է, թուային մարդը թուային ողբերգութեան հերոսն է:
Համամարդկային այս պատերազմին համաշխարհային կը դառնան նաեւ տնտեսութիւնները: Յանուն համատեղ պայքարի, համաշխարհային պարենային անվտանգութեան եւ բժշկական ձեւերու համաշխարհայնացման, գործառութեան կը դրուին առցանց սակարան եւ միջազգային թուային վճարամիջոց գործիքները:
Ազգային, քաղաքակրթական, մշակութային, նոյնիսկ բարոյական տեսակէտէն, գիտութիւնը կը փոխարինէ քաղաքակրթական բոլոր արժէքները եւ գիտական միակարծութեան շնորհիւ, համաշխարհայնացումը կը դառնայ պարզապէս անշրջանցելի: Ան կը սկսի վերահսկել բազմակարծութեան բոլոր ուղղութիւնները՝ ստեղծելով ազատութեան ու սեփական կարծիքի աւելի մեծ ու աւելի փայլուն պատրանքներ, ո՛չ միայն անհատներու ու ընտանիքներու, այլ նոյնիսկ ազգերու եւ ցեղերու համար: Եւ ահա այս տարածութեան մէջ, համաշխարհային համերաշխութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան ձեւը կը դառնայ մոլորակային գերակայ իշխանութիւն:
Մհերի Դուռը՝ ժամանակակից Յայտնութիւն (Apocalypse)
Անցած են աշխարհի կործանման եւ ժամանակի վերջաւորութեան յայտնութիւնները, համաղէտներ կանխատեսող եւ ապաշխարութիւն քարոզող մարգարէներու ժամանակները: Արեւային փոթորիկ, երկնաքարի հետ երկրագունդի ընդհարում, երկրաշարժ, ջրհեղեղ, մոլորակի միջոցներու սպառում, համավարակ եւ այլն... Աղէտային յայտնութիւններու գրականութեան մէջ այս ամէնը տարբեր ժամանակներու ընթացքին գործածուած է, բայց ո՛չ մեր օրերուն: Մինչդեռ մոլորակի գերբնակեցուածութեան եւ անոր յառաջացուցած տնտեսաքաղաքական եւ ընկերաբնապահպանական աղէտներուն ու համաշխարհային տաքացումին մասին երկրագունդի բոլոր գիտնականները կը խօսին: Անոնց վրայ մեր ժամանակներուն, կ'աւելնան նաեւ հիւլէական պատերազմը, համաշխարհային ծաւալի քիմիական կամ կենսաբանական ահաբեկչութիւնը եւ այլն: Այս ամէնը մեծ հաշուով կը հաստատէ, որ եթէ չըլլան շուտափոյթ լուծումներ, ուրեմն մարդկութիւնը իսկապէս պիտի յայտնուի յայտնութենական (ափոքալիփթիք)՝ իրավիճակին մէջ: Այս մասին մենք մանրամասն գրած ենք «Մեր Հնարաւոր Ապագան գիրքին մէջ » (white paper):
Սակայն ժամանակակից մարդկութիւնը եւ անոր մշակութային աշխարհայեացքը չեն ուզեր առընչուիլ աշխարհի վերջաւորութեան յայտնութիւններուն հետ, փոխարէնը նախընտրելով առաջնորդուիլ լաւատես սինիքութեան լոզունգներով, որովհետեւ ժամանակակից մարդը սովոր է մակերեսային մտածողութեան: Շարժանկարներն ու համացանցային գրութիւնները կը վարժեցնեն զինք չմտածել, չխորանալ բարդ բայց խորիմաստ վերլուծութիւններու մէջ, եւ բաւարարուիլ ամբոխավարական գծապատկերուած տեղեկատւութեամբ, կարճ ու պարզեցուած անքննարկելի եզրակացութիւններով: Այսինքն այսօր, մարդը կ'ամբարէ գիտելիքը ձեւաւորուած նշանաբաններէն: Իսկ նշանաբանը, որպէս կանոն, ամենաժան խաբէութեան (մանիփուլացիա) ամենաառաջնակարգ գործիքն է:
Մշակութային նման աշխարհայեացքի դիմաց, աղէտալի յայտնութիւնները տհաճ են եւ չեն վայելեր հասարակութիւններուն համակրանքը: Մարդիկ կը նախընտրեն տառապիլ հրդեհներու եւ ջերմային ալիքներու մէջ, կը նախընտրեն մեռնիլ համավարակէ, ջրհեղեղէ, ջուրի ու մթնոլորտի ապականութենէ, սնանկանալ եւ յարաբերական սովի մատնուիլ քաղաքատնտեսական եւ ովկիանոսի մակարդակի շարունակական բարձրացման համաղէտներէն, կը նախընտրեն անապատացումէն ու համաշխարհային տաքացումէն մնացած հետեւանքներէն պարտադրուած գաղթել, սակայն կը շարունակեն ըմբոշխնել հաճոյամոլութեան եւ գնողունակ պահանջարկի մշակութային քնաբեր բաղադրատոմսերը:
Մինչդեռ, համաղէտային յայտնութիւնները մարդոց կը մղեն պայծառատեսութեան, ինքնագիտակցութեան եւ կրնան ըլլալ փրկարար:
Մենք կ'ուզենք բանալ Մհերի Դուռը, կը նշանակէ՝ կ'ուզենք դէմ յանդիման գտնուիլ, աչք աչքի հանդիպիլ վերահաս չոր ողբերգութեան հետ: Բանալ Մհերի Դուռը՝ կը նշանակէ ետ կանգնիլ ինքնախաբէութեան եւ (սինիզմի) կործանարար ժանտախտէն:
Պատասխանատուութեան նախապայմանը մարդկային ողբերգութեան գիտակցումն է:
Մեր մէջ աւանդականօրէն հաստատուած է հաւաքական այն համոզումը, որ մարդ ունի վերերկրային առաքելութիւն մը, որպէս անհատ ինքնամաքրուելու եւ որպէս հասարակութիւն ազնուագոյն քաղաքակրթութիւն կառուցելու:
Զարգացած մշակոյթի տէր մարդը, անցնելով աւանդական կրօնական մեղք/պատիժ պատճառ եւ հետեւանք բարոյագիտական համակարգէն այն կողմ, կը գիտակցի ինքնակործան եւ անհեռատես մարդկային կենցաղը, բայց չի սարսափիր մեղսագործութենէ, այլ կ'ամչնայ անկէ: Կ'ամչնայ առաջին հերթին, որովհետեւ ան հասկցած է, որ ինքն ու իր հարազատները կը տառապին, իրենց իսկ գործած սխալներու հետեւանքով:
Ամօթի ծանր զգացողութեան հետեւանքով, հասուն ու ինքնագիտակից անհատը հետզհետէ կ'ըմբռնէ մարդկային այդ ողբերգութեան փաստը, կը հասկնայ, որ հասարակութիւնը բռնած է ինքնակործանման, քաղաքակրթակործան, հաճոյապաշտութեան, սրընթաց գերսպառման, սեփական կեանքի եւ հաւաքական ճակատագրի նկատմամբ հեգնութեան ընթացքը:
Այսպիսով, քաղաքակրթութեան կառուցման գործընթացի մէջ կարեւորագոյն երեւոյթ կը դառնայ նոյնինքն՝ ամօթի գործօնը, մարդկային ողբերգութեան գիտակցումը եւ այդ գիտակցութիւնը արտայայտելու կամքի հզօր արտայայտութիւնը: Ահա՛ թէ ինչու ամօթի զգացողութիւնը եւ զայն արտայայտելը ստեղծագործական գործընթաց է, քաղաքակրթական, մշակութային գործընթաց: Այսպէս, հասարակութեան հազարամեակներու բնազդային ընթացքը դէպի մշակոյթ, իսկ հաւաքական կեանքի շարունակական բնազդային մաքառումը դէպի քաղաքակրթութիւն, արդիւնք են ողբերգութեան գիտակցութեան եւ ամօթի:
Ողբերգութեան մէջ պատասխանատուութիւն կը կրէ տուեալ հասարակութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր անհատ: Այսինքն, նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց անձն ու ընտանիքը զերծ կը պահեն սխալ կենցաղէն, ապահովուած զգալով ընդհանուր ամօթէն, կը դատապարտեն ուրիշներ, նոյնիսկ անոնք չեն տարբերիր գազանաբարոյ մարդոց ճակատագիրէն այն իմաստով, որ մարդկային կեանքին մէջ, անհատն ու հասարակութիւնը միասին կը կրեն հաւաքական սխալի հետեւանքները: Ներկայ ժամանակները ցոյց կու տան, որ մարդկային սխալներուն համար պատասխան պիտի տան բոլոր ապրողները եւ բնութիւնը ամբողջութեամբ՝ վտանգելով նաեւ հետագայ սերունդներու կեանքի պայմաններն ու անվտանգութիւնը:
Ահա այստեղէն ալ կը յառաջանայ կայուն զարգացման տեսութիւնը, որ ունի փիլիսոփայական եւ նոյնիսկ, ես կ՛ըսեմ՝ գիտական ճշգրիտ տրամաբանութիւն:
Մհերի Դուռը քարաժայռ է Վանայ բերդին մօտ։ Ըստ աւանդութեան՝ այնտեղ է փակուած «Սասնայ ծռեր»-ու վերջին հերոս Փոքր Մհերը՝ իր ձիուն հետ: Ան այնտեղէն դուրս պիտի գայ կա՛մ այն ժամանակ, երբ աշխարհը թագաւորէ մարդասիրութիւնն ու գաղափարական կեանքը, կա՛մ դուրս պիտի գայ ու վերջնականապէս կործանէ անարդար աշխարհը:
Քովիտ-19 համաղէտը մեզի ընծայուած առիթ մըն է սթափելու՝ մեր եւ մեր գալիք սերունդներու համար ձեւաւորելու կեանքի նոր եւ կայուն պայմաններ:
Կայուն մարդը, ըստ քաղաքակրթական արժեհամակարգին, նախնադարեան «ԱՐԻ»-ն է, հին աշխարհի ողբերգութեան հերոսը, գերմարդը, որու շնորհիւ, մարդկային հազարամեայ ժառանգութեան մէջ լուսաւոր գիծի նման մեզի կը հասնի անսխալական ապրող քաղաքակիրթ անհատի, իմա՝ բարեպաշտութեան կերպարը:
Կայուն անհատին մօտ կը գերիշխեն ամօթն ու պատասխանատուութեան զգացողութիւնը, իսկ պատասխանատուութիւնը իրականութեան մէջ կ'արտայայտուի կարեւորագոյն երկու դրսեւորումներով՝ կանխատեսութիւն (anticipation) եւ կարեկցանք:
«Մեր հնարաւոր ապագան» աշխատութեան նպատակն էր ապացուցել, որ մենք պարտաւոր ենք միակամ համախմբուիլ կայուն զարգացման համաձայնեցուած ծրագիրով, իսկ կայուն զարգացման առաքելութիւնը հնարաւոր է կեանքի կոչել, երբ անհատը կայուն է, կը ձեւաւորէ հասարակութեան կայուն ձեւ եւ այդ ամէնուն համար որպէս փրկութեան տապան՝ կը կազմակերպէ կայուն համայնքի ձեւը:
Ներկայ համաճարակը ափոքալիփսիս է, յայտնութիւն, որ առաջին հերթին փրկութեան հզօր առիթ մըն է: Ան պէտք է առաջնորդէ մեզի դէպի կեանքի պայմաններու կազմակերպման նոր, աւելի պատասխանատու, աւելի գիտակից, աւելի հեռատես աշխարհընկալում, հիմնուած ինքնագիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ:
(Շարունակելի)