image

«Քորոնա» ժահրով վարակուած ՀՀ քաղաքացին ու քարանթինի մէջ գտնուողները պիտի անցնին կրկնակի քննութիւն

«Քորոնա» ժահրով վարակուած ՀՀ քաղաքացին ու քարանթինի մէջ գտնուողները պիտի անցնին կրկնակի քննութիւն

Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցին մէջ քարանթինի մեջ գտնուող քաղաքացիներու առողջական վիճակը լաւ է, գանգատներ չունին: «Արմէնբրես»-ի հարցմանն ի պատասխան այս մասին նշած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Ալինա Նիկողոսեանը:

«Ջերմութիւն չունին եւ այս ընթացքին ալ չեն ունեցած: Իրենց լաւ կը զգան: «Քորոնա» ժահրով վարակուած  քաղաքացին նոյնպէս իրեն լաւ կը զգայ, ջերմութիւն ունեցած է միայն սկիզբը, ներկայիս խնդիրներ չկան, հետեւաբար բուժում ալ չի ստանար: Կը նախատեսուի իրականացնել կրկնակի քննութիւն: Այսինքն, քննութեան բացասական պատասխանի պարագային եւս մէկ քննիւթիւն կը կատարուի: Եթէ բոլորին մօտ քննութեան արդիւնքները բացասական ըլլան, ապա ե՛ւ քարանթինի մէջ գտնուողները, ե՛ւ հիւանդը  դուրս կը գրուին»,-ըսած է Ալինա Նիկողոսեանը: