Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի, յետաձգեց այսօր սահմանադրական կարգի ենթադրեալ տապալման գործով հերթական նիստը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը:
Դատաւորը տեղեկացուցած է, որ «Իզմիրլեան» հիւանդանոցէն ստացած է տեղեկանք այն մասին, որ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կը գտնուի բուժման մէջ եւ չի կրնար ներկայանալ այսօրուան նիստին։
Հաշուի առնելով, որ անոր բացակայութեամբ նիստը չի կրնար շարունակուիլ, այսօրուան նիստը յետաձգուած է։ Յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 26 մայիսին՝ ժամը 13:00-ին։