image

Քսաններու նուիրուած ամէնամեայ միջոցառումը ջնջուած.Աղբիւր

Քսաններու նուիրուած  ամէնամեայ  միջոցառումը ջնջուած.Աղբիւր

Պոլսոյ Էտիրնէգաբու գերեզմանատան մօտ Հնչակեան Քսաններու  նուիրուած ոգեկոչման   հաւաքը  անյայտ պատճառներով ջնջուած է: Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  յայտնեց, որ Էտիրնէգաբու  հայկական ազգային գերեզմանատան  պատասխանատուներ  որոշ պատրաստութիւններ տեսած են, սակայն աւելի ուշ պարզուած է, որ հաւաքը պիտի չկայացուի: Նշենք, որ անցնող     տարիներուն աւանդութիւն դարձած է  ոգեկոչման   միջոցառում  կատարել Էտիրնէգաբուի  գերեզմանատան մօտ, ուր  կը կարծուի թէ թաղուած են Հնչակեան Քսան  նահատակները:  Այդ միջոցառումները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեծ թիւով  թուրքեր ՝ երկրի ձախակողմեան    շրջանակներէն: Քսանները կախաղան բարձրացուեցան Օսմանեան  կայսրութեան  կողմէ   15 յունիս 1915 -ին: