Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մէսուտ Պարզանիի քաղաքական հայեացքներուն յարող կուսակցութիւն պիտի ստեղծուի:
Իրաքեան Քիւրտիսատանի մէջ «Քիւրտիստանի Դեմոկրատական Կուսակցութեան» անդամ Սերտաչ Պուճաքի, «Մասնակից ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» նախկին նախագահ Մոհամետ Էմին Քարտէշի եւ «Թուրքիա-Քիւրտիսատան Դեմոկրատկան կուսակցութեան» ներկայացուցիչներու համագործակցութեան արդիւնքով որոշուած է հիմնել «Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը»:
Կուսակցութիւնը հիմնելու որոշումը կայացած է 9 ամիս տեւած խորհրդակցութիւններէ ետք:
Թրքական «Հապերթուրք» կայքին մէջ տեղ գտած հրապարակման համաձայն, նորաստեղծ կուսակցութիւնը քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) քաղաքականութիւնը քննադատողներու համար այլընտրանքային կուսակցութիւն պիտի ըլլայ:
Կուսակցութեան հիմնադրման աշխատանքները աւարտելէ ետք նոր քաղաքական ուժի հիմնադիր անդամները կը ծրագրեն Տիարպէքիրի մէջ հանրահաւաք կազմակերպել: